Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը համաձայնեցուած է եւ կը սպասէ ստորագրման, ըսուած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմատետրեան գրառման մէջ։
«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկում եմ սկսել խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի համաձայնեցուած նախագծի ստորագրման շուրջ»,- ըսուած է գրառման մէջ։