image

Ալիեւ կը դժգոհի Իրանի պահուածքէն

Ալիեւ կը դժգոհի Իրանի պահուածքէն

Հակառակ այն հանգամանքին, որ Թեհրանի մէջ «ահաբեկչութեան» օրուընէ բաւականին ժամանակ անցած է, Իրանի ոստիկանութիւնն ու անվտանգութեան ուժերը լուրջ միջոցներ չեն ձեռնարկեր: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, գրած է haqqin.az-ը:

Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Մահմուտ Օզերիի հետ հանդիպման ան ընդգծած է, որ դեսպանատան անվտանգութեան աշխատակցի սխրանքի շնորհիւ «ահաբեկիչը» վնասազերծուած է՝ այդպիսով իսկ թոյլ չտալով, որ զինուած տղամարդը յարձակի դեսպանատան միւս աշխատակիցներու վրայ։

Ալիեւ նշած է, որ Ատրպէյճան այժմ մանրակրկիտ կը հետաքննէ այս «ահաբեկչութիւնը»։ 

Յիշեցնենք, որ 27 յունուարի առաւօտեան զինուած յարձակում տեղի ունեցած է Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ: Սպանուած է դեսպանատան պաշտպանութեան համար պատասխանատու աշխատակիցը: Ատրպէյճանը տարհանած է Թեհրանի մէջ դեսպանատան անձնակազմը: