Երեւանի մէջ աւարտեցաւ «Կովկաս․Շինարարութիւն եւ Վերանորոգում 2025 Expo» 21-րդ միջազգային մասնագիտական ցուցահանդէսը, որուն մասնակցած էին ոլորտի առաջատար ընկերութիւնները։
Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէր նորագոյն շինարարական արուեստագիտութիւնները, աւելի շատ զարգացած նիւթերը, մեծ ընկերութիւններու առաջարկները եւ ոլորտին վերաբերող շատ մը նորութիւններ։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս ցուցահանդէսին կը մասնակցէին Հայաստանի մէջ գործող հայրենադարձներու հիմնած ընկերութիւնները․ որոնց առաջատարներէն է FOTON ընկերութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը՝ Հայաստանի մէջ, քուէյթահայ գործարար Յակոբ Գույումճեանի հիմնած «ԱԿՇՆ ՔՈ» ՍՊԸ FOTON ARMENIA ընկերութիւնը։
Ընկերութիւնը «Կովկաս․ Շինարարութիւն եւ Վերանորոգում 2025 Expo»-ին մէջ ներկայացուց իր նորագոյն լուծումները` մեքենաշինութեան ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ այցելուներուն տրամադրեց մասնագիտական խորհրդատւութիւն։
Ընկերութեան հիմնադիր՝ Յակոբ Գույումճեան անհրաժեշտ կը տեսնէ նմանօրինակ ցուցահանդէսները, նշելով, որ անոնք ոչ միայն ցուցահանդէսներ են, այլ անոնք յաջողած ընկերութիւններուն մասին կը պատմեն, որոնք հայրենիքի մէջ կը գործեն, ներդրումներ կը կատարեն եւ այս բոլորը կ’ընեն հայրենիքին համար: