Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբի մանտաթը տէ ֆաքթօ անվաւեր է,- ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Անոր խօսքով, Մինսքեան խումբը կը գործէ 28 տարիէ, «արդիւնքը ակնյայտ է` զրոյական»:
«Ատրպէյճանը ինք կարգաւորեց այս հակամարտութիւնը: Փաստօրէն, հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար Մինսքեան խումբին տրուած մանտաթը գուցէ վաւեր է տէ իւրէ, բայց տէ ֆաքթօ կրնայ անվաւեր համարուիլ», ըսած է Ալիեւ:
Անոր խօսքով` ԵՄ-ն ընդունած է յետհակամարտութեան շրջանի իրողութիւնները:
«Պատերազմէն յետոյ Եւրոմիութեան հետ մեր շփումները աւելի աշխոյժ դարձան: ԵՄ-ն ընդունեց նաեւ յետհակամարտութեան շրջանի իրողութիւնները... ԵՄ խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի նախաձեռնութեամբ Դեկտեմբերին եւ Ապրիլին տեղի ունեցան եռակողմ հանդիպումներ: Այս հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւն տրուած է: Եզրափակիչ յուշագրին մէջ չէ եղած «Լեռնային Ղարաբաղ» անուանումը, ինչ որ բնական է: Քանի որ Ատրպէյճանը անոր դէմ հանդիս կու գայ, չկայ նաեւ «հակամարտութիւն» բառը: Այդ բնական է, քանի որ հակամարտութիւն չկայ: Հակամարտութիւնը կարգաւորուած է», պնդած է Ալիեւ: