Բարի լուր ստացանք Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքէն։
Մեղրի եւ Ալէքս ամոլը բախտաւորուած է առջինեկ զաւակով մը ՝Սքարլէթ։
Ընտանիքի առաջին զաւակն է Սքարլէլթը, որուն լոյս աշխարհ գալը մեծ ուրախութիւն պատճառած է հարազատներուն եւ մասնաւորապէս անոր մեծ հայրիկին՝ Կիպրոսի Ազգային Կեանքի գործիչներէն ՝ Ատուր Քարակիւլեանին։
Մեր հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Պրն. Գարակիւլեան վստահեցուց , որ Սքարլէթ պիտի ըլլայ լիարժէք հայուհի եւ ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն։
Նշենք, որ Սքարլէթի հայրիկը՝ Ալէքս Անթոնեատէս հայազգի չէ, բայց եւ այնպէս Կիպրոսի նման երկրի մը պարագային ոչ մէկ ատեն օտարազգիներ արգելք եղած են, որ մօր կողմէ հայածնունդ երեխաները ստանան ազգային եւ հայեցի դաստիարակութիւն ու ապագային ալ լիարժէք կերպով մասնակցին տեղի հայկական կեանքին։
Մեր խնդակցութիւնները փոքրիկի ծնողներու եւ բոլոր հարազատներուն։