ՀՀ Ազգային ժողովի եւ իմ անունով անկեղծ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ խօսնակ Նենսի Փելոսիին՝ ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ անոր ուշագրաւ ասպարէզի համար։ Անոր 2022 թուականի այցը Հայաստան նշանաւորած է ՀՀ-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորագոյն պահը,- գրած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը X-ի իր էջին։
«Մաղթում եմ նրան հետագայ յաջողութիւններ»,- իր գրառումն ամփոփած է Սիմոնեանը։
Յիշեցնենք, որ ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսին յայտարարած է, որ ժամկէտի աւարտէն ետք պիտի չառաջադրուի վերընտրուելու համար։