ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Չեխիա կատարած պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս հանդիպած է Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի Չեխիա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Մարեք Պենտայի հետ:
Զրուցակիցներու քննարկումներու կեդրոնը եղած է երկու երկիրներու խորհրդարաններու համագործակցութեան ու առկայ կապերն աշխուժացնելու հարցերը:
ՀՀ ԱԺ նախագահը բարեկամական խումբի պատգամաւորներուն ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման մանրամասները: Անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցին: