image
Հրատապ լուրեր:

«Ալ Իսթանպուլ չվերադառնաք». Ծայրայեղական թուրք գործիչին խորհուրդը սուրիացի փախստականներու

«Ալ  Իսթանպուլ չվերադառնաք». Ծայրայեղական  թուրք  գործիչին խորհուրդը   սուրիացի փախստականներու

Վերջերս Թուրքիոյ մանաւանդ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած սուրիացի փախստականներու հետ կապուած խռովութիւններուն անդրադարձած է Թուրքիոյ «Ազգային շարժում» կուսակցութեան նախագահ՝ Տեւլէթ Պահչելին։

Պահչելի, որ յայտնի է իր ծայրայեղական մօտեցումներով  իր ելոյթին մէջ խոստացած է արտաքսել Թուրքիոյ մէջ ժամանակաւորապէս պաշտպանեալ կարգավիճակի մէջ գտնուող սուրիացի այն փախստականները, որոնք կը խաթարեն հասարակական կարգը: 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Ալ Նաշրա կայքէն:

Աղբիւրը նշած է, որ Պահչելին, որ կը համարուի  «Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում» իշխող կուսակցութեան դաշնակիցը, աւելցուցած է, որ իր կուսակցութեան քաղաքականութիւնը յստակ է՝ չկազմակերպուած ներգաղթը նկատել «գրաւելու գործընթաց», ձերբակալուածները անմիջապէս պէտք է արտաքսուին, եւ սուրիացի փախստականները պէտք չէ ներկայիս ուղարկել իրենց երկիր: 

Պահչելի ընդգծած է, «Երբ վերանան այն հանգամանքները, որոնց պատճառաւ սուրիացիները գաղթեցին եւ ապաստան գտան Թուրքիա, այն ատեն անոնք կ'ուղարկուին իրենց երկիրը այնպէս, ինչպէս եկած են: Այս մեր կուսակցութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է, հիւրը հիւրընկալելու շրջանը սահմանափակ է, ամէն քաղաքացի իրաւունք ունի ապահով ապրելու իր երկրի սահմաններուն մէջ»։

Նոյն  շրջածիրէն ներս, Պահչելի նաեւ պահանջած է, որ  Ատհայի  տօնին արձակուրդի ընթացքին, թոյլ չտրուի այն սուրիացիներուն, որոնք մեկնած էին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները վերադառնալ Թուրքիա: «Որեւէ պատճառ չկայ, որ փախստական սուրիացիները, որոնք կարողութիւն ունին Պայրամի օրերուն մեկնելու իրենց երկիրը, վերադառնան Թուրքիա: Բոլոր սուրիացիները, որոնք կը նպաստեն տնտեսութեան եւ հասարակութեան զարգացման մեր մէջ տեղ ունին»: 

 Ան անդրադառնալով սուրիացի փախստականներու հետ կապուած վերջերս ստեղծուած հարցերուն ըսած է,- «Վերջին օրերուն  սադրիչ փորձեր կան հրահրելու սուրիացի փախստականները: Անոնք խորամանկ ու վտանգաւոր խաղեր են, եւ ակնյայտ է, որ դուրսէն ազդեցութիւն եւ ճնշում կը բանեցուի այս հարցին համար»։