image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Մինսքի խմբակն ու անոր բոլոր հիմնարկները

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Մինսքի խմբակն ու անոր բոլոր հիմնարկները

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահութիւնը ոչ միայն Արցախի պատերազմով իմաստազրկուեցաւ, այլ հիմնականին մէջ հաւաքական Արեւմուտք-Ռուսիա առճակատումներուն: Արեւմուտքը ձեռնարկեց պատժամիջոցային քաղաքականութեան Ռուսիոյ դէմ եւ այդ շրջածիրին մէջ ալ կիրարկեց Ռուսիոյ նկատմամբ մեկուսացման քաղաքականութիւն: Նոյն ձեւաչափերուն մէջ աշխատանք համակարգելը իրատեսական չէր: Այս բոլորով հանդերձ Մինսքի խմբակը պաշտօնապէս չէ լուծարուած:

 

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին Երեւան եւ Պաքու այցելութիւններուն ընթացքին կատարած յայտարարութիւններէն որոշ հատուածներ պէտք է լուսարձակի տակ  առնել եւ փորձել որոշ հետեւութիւններ արձանագրել հետագայ գործընթացներուն համար:

ԵԱՀԿ-ի դիրքորոշումը համահունչ է միջազգային ընտանիքին, այս պարագային` հաւաքական Արեւմուտքին մօտեցումներուն, այն առումով, որ սահմանազատման հարցին մէջ կ՛ողջունէ երկկողմ ձեւաչափը: Երկկողմը կ՛ենթադրէ, ուղղակի, առանց միջնորդի:

Երբ միջնորդի մասին կը խօսինք, ապա անմիջապէս կը մտաբերենք երկար տարիներ գործած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահութիւնը, որ ստանձնած էր արցախեան հակամարտութեան միջնորդական առաքելութիւնը: Այս եռանախագահական միջնորդութիւնը եզակի երեւոյթ էր այն առումով, որ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան ու Ռուսիան համատեղ կ՛աշխատէին հակամարտութեան հանգուցալուծման համար: Այս չի նշանակեր, որ երեք երկիրներու շահերը կը համընկնէին այս հիմնահարցին լուծում ապահովելու առումով: Փաստը այն էր, որ անոնք ունէին միջազգային ընտանիքին լիազօրութիւնը այդ ձեւաչափով աշխատանքը համակարգելու:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահութիւնը ոչ միայն Արցախի պատերազմով իմաստազրկուեցաւ, այլ հիմնականին մէջ հաւաքական Արեւմուտք-Ռուսիա առճակատումներուն: Արեւմուտքը ձեռնարկեց պատժամիջոցային քաղաքականութեան Ռուսիոյ դէմ եւ այդ շրջածիրին մէջ ալ կիրարկեց Ռուսիոյ նկատմամբ մեկուսացման քաղաքականութիւն: Նոյն ձեւաչափերուն մէջ աշխատանք համակարգելը իրատեսական չէր: Այս բոլորով հանդերձ Մինսքի խմբակը պաշտօնապէս չէ լուծարուած:

Մինսքի խմբակին իրերայաջորդ համանախագահները տարածաշրջանային իրենց այցելութիւններուն ընթացքին կը հանդիպէին նաեւ Ստեփանակերտ` տեսնուելու համար Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Միջազգային ընտանիքին կողմէ լիազօրուած այս խմբակին տեսակցութիւնները Արցախի ներկայացուցիչներու հետ պարզապէս ճանաչում էր Արցախի ինքնորոշուած ժողովուրդի ընտրած ներկայացուցիչներուն, հետեւաբար` Արցախի պետութեան:

Տարբեր հանգամանքներ ալ կային անշուշտ, որ Պաքուն դժգոհ կը պահէին այս բոլոր իրականութիւններէն: Պաքուն ԵԱՀԿ-ի այս խմբակի ձեւաչափին մէջ կը տեսնէր հարցի կարգաւորման անվերջանալի ձգձգումներու ընթացք մը, ինչ որ իրեն համար համազօր էր գոյավիճակի (սթաթիւս քոյի) յաւերժացումին:

Պաքուն առիթ չէր փախցներ կարգաւորման բանակցութիւններու դաշտը ԵԱՀԿ-էն տեղափոխելու միջազգային այլ ատեաններ: ՄԱԿ-ի մէջ իրերայաջորդ բանաձեւեր որդեգրել տալով ԵԱՀԿ-ին զուգահեռ ենթահողեր կը փորձէր հարթել այդպիսով:

Երեւանը ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին այցելութեան ընթացքին այս խմբակին չլուծարուած ըլլալուն եւ վերագործարկելու անհրաժեշտութեան մասին ընդգծումներ չէ կատարած: Այդ խմբակին միջնորդական սկզբունքները հիմնուած էին Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի հիմնարար կէտերէն` տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման իրաւունքին, իրաւահաւասարութեան եւ ուժի կիրարկման բացառման վրայ: Ազրպէյճանը իր ռազմաքաղաքականութեամբ արմատապէս ջնջած էր այս սկզբունքները, իսկ Երեւանը ըսելիք չունէր:

Հիմա արդէն ԵԱՀԿ-ը ի՛նք կ՛ողջունէր երկկողմ ձեւաչափը, առանց միջնորդի, եւ պարզապէս պատրաստակամութիւն կը յայտնէր աջակցելու: Ինքզինք դուրս բերելով միջնորդի կարգավիճակէն, խորքին մէջ ԵԱՀԿ-ը կ՛որդեգրէր Արեւմուտքի մօտեցումը: Երկկողմը կը նշանակէ առանց երրորդի, այսինքն` առանց Մոսկուայի այս պարագային:

Մինսքի խմբակի վերագործարկման հաւանականութեան մէջ իր շահերը վտանգող միտումներ տեսնելով` այս անգամ Ազրպէյճանի ղեկավարը ուղղակի կը պահանջէր անոր լուծարումը:

«Եկած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը եւ անոր առնչուած բոլոր հիմնարկները վերացնելու ժամանակը: Ազրպէյճանական կողմը այդ հարցը արծարծած է, եւ չկայ որեւէ պատճառ, որ հայկական կողմը համաձայն չըլլայ», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

«Մինսքի խմբակը եւ անոր հիմնարկները» ձեւակերպումը ուշագրաւ է: Մտաբերել կու տայ նախքան պատերազմը Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի որոշումները, ուր խօսուած էր շփման գիծին վրայ անվտանգութեան գործիքակազմերու բանեցման եւ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան մասին: Դիտորդներ, տեղեկագրողներ, անվտանգութեան գործիքակազմեր եւ հետաքննութեան հիմնարկներ` այս բոլորը պաշտօնապէս պէտք է լուծարուին` կը պահանջէ Պաքուն: Աւելի՛ն: Կ՛ընդգծէ, որ պատճառ չկայ, որ Երեւանը համաձայն չըլլայ իր այդ պահանջին: Երեւանի համաձայնութեան պահանջը Պաքուէն կը հնչէ: Մինչ ոչ միայն Երեւանի մէջ չլուծարման անհրաժեշտութեան մասին խօսք չ՛ըլլար, այլ նաեւ Պաքուի ակնկալութիւնը Երեւանէն անպատասխան կը մնայ:

 

«Ա.»