image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Անգարայի ամբաստանութիւնները Իսրայէլին եւ ուղերձները Իրանին

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Անգարայի ամբաստանութիւնները Իսրայէլին եւ ուղերձները Իրանին

Թեհրանի մասնակցութեան համաձայնութիւնը առաջին անգամ կը հնչէ ոչ թէ Իրանէն, այլ Անգարայէն, եւ ասիկա անշուշտ քաղաքական նշանակութիւն ունի: Պարզ է, որ նախաձեռնութիւնը Թուրքիոյ է եւ հանդիպման վայրը նոյնպէս Անգարան է: Անգարայի ուղերձը ստացած է Թեհրանը եւ Թուրքիոյ մէջ յայտարարած իր համաձայնութիւնը առաջարկին:

Բոլորէն առաջ անշուշտ Թեհրանը լաւ կ՛իմանայ, թէ Կովկասի մէջ ի՛նչ կ՛ակնկալէ Թուրքիան իրմէ: Այս ակնկալութիւնը միայն հայկական գործօնին հետ կապուած չէ: Խօսքը թուրանական կամուրջի կառուցման մասին է, որ անպայման իբրեւ օրակարգ ներառուած պիտի ըլլայ 3+3-ին:

Թուրանական կամուրջի կառուցման աշխատանքներուն անհրաժեշտ շինանիւթեր կ՛ապահովէ ցեղասպանական եւ ահաբեկչական պետութիւն Թուրքիան` այս պարագային Իսրայէլը ամբաստանելով նոյն մեղադրանքներով:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 7 հոկտեմբերի միամեակին առիթով յայտարարեց, որ Իսրայէլ «պիտի վճարէ գինը ցեղասպանութեան, որ կը գործէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ»:

Շարունակելով ամբաստանողական այս յայտարարութիւնները, Թուրքիոյ նախագահը սիոնական ահաբեկչական խմբաւորում նկատեց Իսրայէլի պետութիւնը:

Դժուար է նման գնահատականէ ետք պատկերացնել երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու շարունակութիւն, կամ ընդհանրապէս տարբեր բնոյթի համաձայնագիրները ուժի մէջ պահելու իրականութիւն: Պատերազմը յայտարարողական է առ այժմ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ, եւ անշուշտ այս վերջին օրինակները եզակի չեն:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ նախագահ Էրտողան յայտնած էր, որ Կազայէն եւ Լիբանանէն ետք հերթը Թուրքիոյ է Իսրայէլի կողմէ թիրախաւորուելու: Յայտարարութիւնը մեկնաբանուեցաւ այնպէս, որ խօսքը քրտական զինեալ խմբաւորումներու իսրայէլեան օժանդակութեան մասին է: Այս խնդիրը կեղծ օրակարգ չէ անշուշտ, սակայն փաստօրէն այնպէս չէ, որ անիկա առաջնորդած է երկիրները դիւանագիտական տագնապի կամ յարաբերութիւններու խզման:

Փաստօրէն Թուրքիան կը շարունակէ արտօնել ուժանիւթի զանազան աղբիւրներու հոսքը դէպի Իսրայէլ: Եւ այս շահերը աւելի ծանր կը կշռեն, քան ցեղասպանութեան կամ ահաբեկչութեան ամբաստանութիւնները:

Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով Իսրայէլը մեղադրած Թուրքիան ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակութիւն կը նկատէ Լիբանանի մէջ եղածը: Այստեղ կ՛աւելնայ «ահաբեկչական» բնութագիրը:

Այս որակումը աւելի կը կապուի քրտական գործօնին: Ի վերջոյ ահաբեկչութիւն եզրը Թուրքիան կ՛օգտագործէ նախ եւ առաջ քրտական երեւոյթին նկատմամբ: Ահաբեկչական պետութիւնը, ուրեմն, Թուրքիոյ համար Կազայէն եւ  Լիբանանէն առաջ կը վերաբերի քիւրտերը սպառազինելու փաստին:

Այստեղ չեն աւարտիր անշուշտ Անգարայի ծանր ամբաստանութիւններուն քաղաքական շարժառիթները: Կա՛յ ուղերձ Թեհրանին: Տարածաշրջաններու համեմատական վերլուծումը միշտ կը նկատէ Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ գլխաւոր խաղցողներու ընդհանուր շահագրգռութիւնները: Առեւտուրը կ՛ընթանայ այս երկու խաղատախտակներուն վրայ եւ մէկ տարածքի վրայ զիջումը միւս տարածքին վրայ կրնայ ապահովել այլ ստացուածք մը: Օրինակ, այս առումով նոյն օրերուն էր թրքական ուժերու սուրիական որոշ տարածքներէ հեռանալուն դիմաց անոնց մուտքը Կովկաս:

Ուղերձը յայտնաբար նաեւ Իրանին է, որովհետեւ միաժամանակ կովկասեան ուղղութեամբ առաջարկը յղուած է 3+3-ի հանդիպման: Թուրքիոյ մէջ Իրանի դեսպանը յայտարարած է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը մտադիր է մասնակցելու  Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած տարածաշրջանային «3+3» ձեւաչափով հանդիպման:

«Ա.»