Թուրքիա- (Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Թուրքիոյ փոխանցման կառավարութեան վարչապետ Ահմաթ Տաւութօղլու իշխող AKP («Արդարութիւն եւ Զարգացում») կուսակցութեան նախագահ ընտրուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Պոլիս հրապարակուող «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը փոխանցէ, թէ Տաւութօղլու կուսակցութեան նախագահ ընտրուած է ստանալով համագումարին մասնակցողներուն 1353 քուէն (1380): Ըստ աղիբւրին Տաւութօղլու եղած է նախագահի պաշտօնին յաւակնող միակ թեկնածուն: Նշենք, որ Անգարայի մէջ գումարուող AKP-ի համագումարը կուսակցութեան 5-րդ համագումարն էր: