image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ դարձեալ հարուածած է Լիբանանի հարաւը. կայ 2 զոհ

Իսրայէլ դարձեալ հարուածած է Լիբանանի հարաւը. կայ 2 զոհ

Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերու կողմէ Լիբանանի հարաւը գտնուող Զիպքին գիւղաքաղաքի վրայ իրականացուած գրոհի հետեւանքով երկու մարդ զոհուած է, եւս երկու սուրիացի բանուոր վիրաւորուած են։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Syria TV-ն։

Ըստ հրապարակման՝ Իսրայէլ թիրախաւորած է գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող հողափոր մեքենան։

Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է, որ իսրայէլեան ռազմական ուղղաթիռը հրթիռ արձակած է Այթա ալ-Շաապ բնակավայրի ուղղութեամբ, սակայն այն չէ պայթած։

Իսրայէլեան ուժերը հրետանային ու բռնկող ռումբեր նետած են Հուլա բնակավայրի ուղղութեամբ, նաեւ թիրախաւորած են Թայիպա բնակավայրը։

Նշենք, որ հակառակ 2024-ի նոյեմբեր 27-ին ուժի մէջ մտած հրադադարի մասին համաձայնագրին, կը շարունակուին փոխադարձ մեղադրանքները հրադադարը խախտելու վերաբերեալ։

Իսրայէլ չէ աւարտած իր ուժերու դուրսբերումը հարաւային Լիբանանէն եւ կը շարունակէ վերահսկել լիբանանեան 5 կարեւոր բլուրները։