image
Հրատապ լուրեր:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարելով՝ Անգարան իրականութեան մէջ կը պայքարի ԱՄՆ-ի դէմ. Սոյլու

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարելով՝ Անգարան իրականութեան մէջ կը պայքարի ԱՄՆ-ի դէմ. Սոյլու

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն յայտարարած է, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելով՝ Թուրքիան իրականութեան մէջ կը պայքարի ԱՄՆ-ի դէմ:

Սոյլուն, որու խօսքերը մէջբերած է Ulusal TV-ն, յայտարարած է, որ Ագկարան կը հետապնդէ բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւնները։

«Մենք կը հետապնդենք բոլորը։ Մենք կը հետապնդենք այնպիսի կազմակերպութիւններ, ինչպիսիք են FETÖ -ն (քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլէնի կազմակերպութիւնը, որու հետ Անգարան կը կապէ 2016-ի յեղաշրջման փորձը,-խմբ.), ՔԱԿ-ը (Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քիւրտստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը,-խմբ.), DAESH-ը («Իսլամական պետութիւն», Ռուսիոյ մէջ արգիլուած է որպէս ահաբեկչական խմբաւորում)։ Մենք չենք պայքարիր Քիւրտստանի աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ, մենք կը պայքարինք ԱՄՆ-ի դէմ։ Մի՞թէ մենք այնքան միամիտ ենք, որ չգիտնանաք այդ։ Մենք գիտենք: ԱՄՆ-ն կ'ուզէ այնտեղ ահաբեկչական պետութիւն ստեղծել»,-ըսած է Թուրքիոյ ՆԳ նախարարը։

Աւելի վաղ ան մեղադրած էր ԱՄՆ-ն երկրի սահմաններու մօտ ահաբեկչական պետութիւն ստեղծելու փորձի մէջ: Անցեալ տարի Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք Սոյլուն յայտարարած էր, որ Անգարան չընդունիր Ուաշինկթընի ցաւակցութիւնը։ Անցեալ շաբաթ երիտասարդներու հետ հանդիպման ժամանակ ան յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ն «կը շարունակէ կորսնցնել հեղինակութիւնը», ամբողջ աշխարհը «կ'ատէ Ամերիկան», իսկ Եւրոպան Նահանգներու «զինուորիկն» է։