Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը` Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի շուրջ քննարկումները շարունակելու եւ երկու երկիրներուն հետ ԵՄ յարաբերութիւնները զարգացնելու նպատակով: Այս մասին ըսուած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարին յայտարարութեան մէջ:
«Նախագահ Միշէլը հաստատած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու ԵՄ-ի յանձնառութիւնը` լարուածութիւնը յաղթահարելու եւ անվտանգ, կայուն, խաղաղ ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի յառաջխաղացման համար, ի շահ տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր մարդոց:
Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը ընդգծած է երկու կողմերու մարդասիրական քայլերու կարեւորութիւնը` «վստահութեան ամրապնդման եւ խաղաղ գոյակցութեան համար»:
«Ան ընդգծած է չլուծուած բոլոր մարդասիրական խնդիրներու ամբողջական եւ արագ լուծման անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ կալանքի տակ մնացածներու ազատ արձակումը եւ անհետ կորսուածներու խնդիրի համակողմանի լուծումը, եւ յայտարարած է, որ ԵՄ-ն պատրաստ է աջակցելու այդ ջանքերուն», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Շարլ Միշէլը նշած է ինչպէս Ալիեւի, այնպէս ալ Փաշինեանի կողմէ յայտարարուած` արագօրէն դէպի իրենց երկիրներու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը շարժելու ցանկութիւնը: Այդ նպատակով որոշուած է արտաքին գործերի նախարարներուն յանձնարարել աշխատիլ ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման վրայ, որուն մէջ պիտի դիտարկուին բոլոր անհրաժեշտ հարցերը:
«Կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ երկկողմ սահմանազատումն ու սահմանագծումը: Այդ նպատակով, 2021 թուականի Նոյեմբեր 26-ի Սոչիի յայտարարութեան համաձայն, որոշուած է նաեւ մինչեւ Ապրիլի վերջը Սահմանային համատեղ յանձնաժողով գումարել: Սահմանային համատեղ յանձնաժողովի մանտաթը պիտի ըլլայ հետեւեալը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ սահմանի զատումը եւ սահմանի երկայնքով ու մերձակայքին կայուն անվտանգութեան իրավիճակի ապահովումը», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Առաջնորդները քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապի/կապող միջոցներու ենթակառուցուածքի վերականգնման հարցը մասնաւորապէս եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ընդհանրապէս: