Աբովեան փողոցի վրայ ցուցարարները ցրելու համար ոստիկաններն արցունքաբեր կազ կիրառեցին:
Ոստիկանները անցնող վարորդներուն կոչ ըրին փակելու մեքենաներու պատուհանները։
Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ վաղ առաւօտէն Բագրատ Սրբազանի կոչով մեկնարկած են խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւնները։ Քաղաքացիները շարք մը փողոցներ փակած են։
Մայրաքաղաքի որոշ հատուածներու մէջ իրավիճակը լարուած եղած է, բախումներ տեղի ունեցած են կարմիրպերեթաւորներու եւ ցոյցի մասնակիցներու միջեւ։
Ոստիկանութենէն տեղեկացուցած են, որ 11։30-ի դրութեամբ բերման ենթարկուած է 240 հոգի, որոնց շարքին եղած են զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի որդին՝ Իկոր Խաչատուրովը, երգիչ Արսէն Գրիգորեանը Բժիշկ Գէորգ Թամամեանը, պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանը, երգիչ-երգահան Դաւիթ Ամալեանը։
Նշենք, որ բերման ենթարկուածներու մեծ մասն արդէն ազատ արձակուած է։