image

Աբխազիոյ մէջ զօրավարժութիւններ

Աբխազիոյ մէջ զօրավարժութիւններ

Աբխազիոյ մէջ լայնամաշտապ զօրավարժութիւններ մեկնարկած են։ Նպատակը շտաբներու եւ զօրքերու պատրաստութեան բարձրացումն է, հաղորդած է ԹԱՍՍ՝ վկայակոչելով Աբխազիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Աբխազիոյ զինուած ուժերուն մէջ լայնամաշտապ զօրավարժութիւններ սկսած են ռազմական կառավարման մարմիններու եւ զօրքերու մարտական պատրաստութեան ստուգմամբ։ Զօրավարժութիւններու հիմնական նպատակն է բարձրացնել շտաբներու եւ զօրքերու պատրաստուածութիւնը, անոնց ներդաշնակեցման մակարդակը յանկարծակի առաջացող խնդիրներու լուծման ժամանակ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ բոլոր փուլերուն կը մշակուին «բարդ ուսումնական առաջադրանքներ, որոնք առաւելագոյնս մօտ են իրականին՝ անընդհատ զարգացող գործնական ֆոնին վրայ»։

«Շտաբներու եւ զօրքերու պատրաստման բոլոր միջոցառումները կը կատարուին Աբխազիոյ եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու համատեղ մարտական պատրաստութեան ծրագրի համաձայն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի վաղ հաղորդուած է, որ 7 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ կայանալիք ընդդիմութեան հանրահաւաքի կապակցութեամբ սահմանափակուած է Աբխազիայէն Վրաստանի հետ սահմանով ելքը։