image

8 ամիս բանակին մէջ ծառայած նահատակ՝ Դաւիթ Ներսիսեանի պատմութիւնը

8 ամիս բանակին մէջ ծառայած նահատակ՝ Դաւիթ Ներսիսեանի  պատմութիւնը

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ յարձակումի հետեւանքով զոհուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող՝ Դաւիթ Արմէնի Ներսիսեանը։

19–ամեայ Դաւիթ Արարատի մարզի Տափերական համայնքէն էր։ 

NEWS.am-ի հետ զրոյցին Դաւիթի դասղեկը՝ Տափերականի միջնակարգ դպրոցի ուսուցչուհի՝ Մարիեթա Ասատրեան, պատմեց, որ Դաւիթ բանակ  զորակոչուած էր 2021 թուականի 27 դեկտեմբերին, դպրոցը աւարտելէն ամիսներ ետք։

«Դաւիթս շատ բարեխիղճ, ընկերասէր, յարգուած ու սիրուած աշակերտ էր։ Միշտ աչքի է ընկել համեստութեամբ, ուսուցչական անձնակազմի նկատմամբ յարգալից վերաբերմունքով։ Դաւիթը խելացի եւ ընդունակ էր, եթէ ինչ–որ խնդիր էր առաջանում, անմիջապէս դիմում էինք իրեն, օրինակ, երբ մեքենան խափանուեր, գիտէինք, որ Դաւիթն այդ հարցում լաւագոյնն է, գլուխ էր հանում տեխնիկայից, ուղեղն աշխատում էր։ Այսօր ամբողջ դպրոցը սգում է Դաւիթի մահը»,– ըսաւ Մարիեթա Ասատրեան։ 

Դաւիթ ընտանիքի աւագ զաւակն էր, իրմէ փոքր եղբայր ու քոյր ունի։ 

Դաւիթ Ներսիսեանի հոգեհանգիստը տեղի  պիտի ունենայ այսօր՝ 16 սեպտեմբերին, ժամը 18։00-ին, Տափերականի Մշակոյթի Տունը։

Յիշեցնենք, որ 13 սեպտեմբերին՝ ժամը 00:05-ին, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները սահմանի ողջ երկայնքով հրետանային միջոցներէ, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ սկսած էին բուռն կրակ վարել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ ԱԹՍ-ներ: Հակառակորդը կը հարուածէր թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքացիական կառոյցներուն։ 

Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդմամբ, 14 սեպտեմբերին, ժամը 20։00–ին բոլոր ուղղութիւններով կրակը գրեթէ դադրած է, էական միջադէպեր չեն արձանագրուած։ 16 Սեպտեմբերի  ժամը 09:00-ի դրութեամբ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութեան փոփոխութիւն չէ արձանագրուած:

14 սեպտեմբերին, վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ԱԺ–Կառավարութիւն հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարած էր, որ այդ պահի դրութեամբ ատրպէյճանցիները Հայաստանէն բռնագրաւած են 10 քառակուսի քմ։

16 սեպտեմբերի դրութեամբ հայկական կողմն ունի հաստատուած 135 զոհ։ «Ցաւօք մենք գիտենք, որ այդ թիւը դեռեւս վերջնական չէ: Ունենք նաեւ բազմաթիւ վիրաւորներ»,- Կառավարութեան նիստին յայտարարած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան։