ՀՀ գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ Տիրան Խաչատրեանի փաստաբանները պահանջած են յետաձգել 4 յունուարի ժամը 19:00-ին սկսած դատավարութիւնը, ուր պիտի քննարկուի հրամանատարի կալանաւորման միջնորդութիւնը։
Ինչպէս լրագրողներուն յայտնած է փաստաբան Արմէն Անդրիկեանը, պաշտպանական կողմը գործի նիւթերը ստացած է 4 յունուարի ժամը 16:00-ին։ Այն պարունակած է 5 հատոր եւ 1200 էջ։
«Մենք ֆիզիկապէս չէինք կարող այդքան կարճ ժամանակում ծանօթանալ այդ ծաւալի տեղեկութեանը»,– ըսած է ան։
Այդ պատճառով փաստաբանական խումբը պահանջած է դատական նիստը յետաձգել:
Նշենք, որ ձերբակալուած է ազգային հերոս, ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտապի պետի նախկին առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեանը։ Տիրան Խաչատրեան չէ ընդունած իրեն առաջադրուած մեղադրանքը, այն է` ռազմական դրութեան ժամանակ զինուորական պաշտօնէական անփութութիւն։
Տիրան Խաչատրեան ազգային հերոսի կոչում ստացած է պատերազմի ամենաթէժ պահուն՝ 2020 թուականի հոկտեմբերին։ Աւելի ուշ` 2021 թուականի փետրուարին, հրամանատարը հեռացուած է գրաւած պաշտօնէն։ Պատճառը Խաչատրեանի հեգնական յայտարարութիւններն էին ի պատասխան Փաշինեանի՝ «Իսքանտեր» հրթիռներու մասին յայտարարութեան։ Վարչապետը յայտարարած էր, որ պատերազմի ընթացքին հրթիռները «չեն պայթած կամ պայթած են ընդամէնը 10 տոկոսով»։ Իր հրաժարականէն յետոյ հրամանատարը բազմիցս քննադատած է իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը եւ մասնակցած ընդդիմութեան հանրահաւաքներուն։
Նշենք նաեւ, որ հրամանատարը ձերբակալուած էր, ապա կալանաւորուած նաեւ 2024 թուականի սկիզբին՝ ճաշարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած վիճաբանութեան եւ ծեծուըռտուքի հետեւանքով։ Ծեծուըռտուքի ժամանակ Խաչատրեան կրակած է զէնքը՝ պատահաբար վիրաւորելով ճաշարանի այցելուներէն մէկը, որ կապ չունէր վիճաբանութեան հետ։ Ան գրաւի դիմաց ազատ արձակուած էր 2024 թուականի մարտին։