image

40 օր մահուան եւ աւերի. Ուքրանիան «արիւնով» կը վճարէ սեւ փորձադաշտ ըլլալու գինը

 40 օր մահուան եւ աւերի. Ուքրանիան  «արիւնով» կը վճարէ  սեւ փորձադաշտ ըլլալու գինը

Դէպի  Տոնպաս, կամ  «դարձ ի շրջանս իւր» 

Անցնող քառասուն օրերուն աշխարհը իր «աքցան»ին մէջ առած Ուքրանիոյ պատերազմը կը շարունակուի։

 Կը շարունակուի, գուցէ տարբեր առաջնահերթութիւններով, բայց եւ այնպէս ռազմական գործողութիւններու մեծ թափը իր տեղը տուած է տարբեր մակարդակի պայքարներու։

Այդ առումով ալ բաւականին ուշագրաւ է, որ Ուքրանիոյ տարբեր քաղաքներուն, բայց մասնաւորապէս երկրի արեւելեան հատուածին մէջ լսուող թնդանօթներու հռնդիւնէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու եւրոպական ամենատարբեր մայրքաղաքներուն մէջ ռուս դիւանագէտները կ՚ենթարկուին քաղաքական «գրոհներ»ու, մինչեւ անգամ կը վտարուին այդ երկիրներէն, ինչպէս կատարուեցաւ Սպանիոյ եւ Փորթուգալիոյ պարագային։

Այս բոլորէն անդին աւելի քան յստակ է, որ ռուսական զօրքերու ուղղութիւնը եւ զինուորական թիրախը առաջուան համեմատած վերափոխուած է։ 

Մեծ թիւով ռազմական փորձագէտներ եկած են այն համոզման, որ գետնի վրայ եղած Ուքրանական զօրքերու Ռուսաց բանակին դէմ երեւցած ուժեղ դիմադրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Մոսկուա հրաժարի Քիէւ ներխուժելու իր նախնական ծրագիրներէն։

Անշուշտ տակաւին յստակ չէ, որէ այսօր Ռուսական զօրահրամանատարութեան գերագոյն նպատակները ինչ են, սակայն նաեւ յայտնի է, որ ռուսական ուժերուն ուշադրութիւնը ուղղուած է դէպի Տոնպասի մարզ, ուր տարբեր մակարդակի ուժգնութեան ռազմեր կը գրանցուին Ուքրանիայէն իրենց անկախութիւնը հռչակած մարզ-հանրապետութիւններուն ՝ Տոնէցքի եւ Լուկանսքի մէջ։

Անշուշտ երկու կողմերուն համար կորուստները ամեհի են եւ նոյնիսկ ցաւատանջ, բայց եթէ հաշուի առնենք Ռուսաստանի Դաշնութեան ունեցած եւ մարդկային, եւ ռազմական եւ ալ տնտեսական տեսակէտէ գերակայութիւնը, ապա արդէն յստակօրէն պիտի ընդգծուի, որ այլեւս Ուքրանիան Ռուսաստանին համար առաջուան «խորհրդաւորութիւն»ը կամ «վտանգաւորութիւն»ը չունի։

Փաստ է նաեւ, որ Ուքրանիոյ ռազմական ուժը կամ կանոնական բանակը կրած է մեծ վնասներ եւ կարճ ժամկէտներու վրայ այդ բանակը վերակազմակերպելու խնդիրը, շատ բարդ, գրեթէ անիրականանալի խնդիր մըն է։

Ամէն պարագայի այս բոլորի կողքին տեղի ունեցող բանակցութիւններու ընդհանուր մթնոլորտն ալ արդէն կը յուշէ, որ ռազմական գետնի վրայ, կարծես Մոսկուա բաւարարուած է այսքանով եւ ծունկի բերելու չափ ընկճելէ ետք հակառակորդ-թշնամի ՝ Զէլէնքսիի իշխանութեամբ կառավարուող այդ երկիրը, հիմա արդէն իսկ պատրաստ է նստելու բանակցութեանց սեղանին։

Այստեղ ի հարկէ չպէտք է մտքահան ընել այն պարագան, որ նոյնիսկ պատերազմի ամէնաթէժ օրերուն Ռուսաստան երբեք չհրաժարեցաւ բանակցութիւններու սեղանէն, ի հեճուկս ամէն տեսակի գրոհներու, ու գուցէ այդ էր նաեւ, գաղտնիքը, որ ցոյց կու տար Ռուսաստանի Դաշնութեան երկար դարերու արմատներ ունեցող դիւանագիտութեան ճարտարութիւնը։

 

Նոր «դրօշակ» մը՝ Պուչա 

Վերջին օրերուն այս պատերազմին մէջ նոր «մակարդակ» մը յայտնուեցաւ, երբ Ուքրանական կողմը գլխաւորութեամբ երկրի նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքիի յայտարարեց, թէ Ռուսական ուժեր սպանդ գործած են Պուչա քաղաքին մէջ եւ Ռուսական բանակի գործած պէտք է համարուի «Ցեղասպանութիւն»։ Զէլէնսքի, որ այս թեման բարձրաձնելէ ետք շտապեց հասնիլ Պուչա, աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեց այդ կէտին վրայ եւ պահանջեց, որ զինք հովանաւորողները (գլխաւորաբար Միացեալ Նահանգները) այս խնդրով հետաքրքրուելէ անդին երթալով համաձայնին իր հետ եւ դատապարտեն եղածները։ 

Զէլէնսքի սակայն յուսախաբ եղաւ, երբ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն նկատել տուաւ, որ եղածը կարելի է «պատերազմական ոճիր» մը համարել, սակայն երբեք ցեղասպանութիւն։

 Եղած դէպքերուն մասին Արեւմուտքի մօտեցումները լաւապէս քննելէ ետք , տեղ մը կարելի է համոզուիլ, որ ընթացող «խաղ»ը, որ տեղի կ՚ունենայ մարդկային շատ մեծ եւ սարսափելի կորուստներով, արիւնով, աւերով ու աղէտահար վիճակներ ստեղծելով կը կատարուի «զիրար հասկնալու» եւ «խաղ»ը ճիշդ հասկնալու յարաբերակցութեամբ։

Կան որոշակի կշիռներ եւ ինչպէս բոլոր կողմերուն համար արգիլուած է «կորիզային խաղ» մը սկսիլ, նոյնպէս ալ կան «կարմիր գիծ»եր, որոնք որոշակիօրէն «կը բանան» այս խաղը եւ աշխարհին ի ցոյց կը դնեն, որ Ամերիկացիք շատ լաւ գիտեն, թէ մինչեւ ուր կրնան «մխրճուիլ» այս պատերազմին մէջ։

Գուցէ շատ շատեր, ճիշդ չէին հաշուառած, թէ Ռուսաստանի մօտ Ուքրանիոյ խնդիրը ինչքան «վճռական» փուլի մը մէջ է, ինչպէս որ ինք Ռուսաստան չէր պատրաստուած, որ ներքին փոթորիկներու բովէն անցած Քիէւը ունի այդքան մեծ ներուժ ապահովելու համար մայրաքաղաքի անվտանգութիւնը։

Կատաղիօրէն կռուեցան Ուքրանացիք, որուն համար ալ անոնք որոշակի միաւորներ ունեցան ու նաեւ դարձան Արեւմուտքի համար կարեւոր կենսափորձ մը, հասկնալու համար ռուսական կողմի ուժեղ եւ թոյլ կողմերը։ 

Այս մէկը փաստ է, սակայն գերագոյն հարցումը կը մնայ հետեւեալը, որ արդեօ՞ք ա «արժանի» էր Ուքրանիան այսքան արեան, պահու մը համար դառնալով Արեւմուտքի գործիք եւ արիւնոտ «խաղալիք», կերպով մըն ալ Ռուսաստանի համբերութիւնը փորձարկելով, միւս կողմէ ալ կրկին անգամ քննութիւնէ անցընելու, որ առանց Ռուսաստանեան ներուժի անհնար է, որ Եւրոպան իր գործերը առաջ տանի։

Դասերը անշուշտ մեծ գին ունին, իսկ այս պարագային առաջին զոհը եւ առաջին մահը մարդկային արժէքաւոր կեանքի «անարժէք» դառնալու մեծ ահն է։

 

Սագօ Արեան 

«ԺԱՄԱՆԱԿ», Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...