image

« 30 Տարի անց մօտ ենք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնների կարգաւորումից». Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ

« 30 Տարի անց մօտ ենք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնների կարգաւորումից». Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ

Կ'աշխատինք Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորել ուղղութեամբ։ Այս մասին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին ըսած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը։

«30 տարի անց, կարելի է ասել, բաւականին մօտ ենք: Եթէ թուրքական կողմը բաւարար կամք եւ վճռականութիւն ցուցաբերի, մենք, կարծում եմ, այդ հարցը կը լուծենք», -ըսած է ԱԺ նախագահը։

Ալեն Սիմոնեանի համոզմամբ՝ եթէ Անիի կամուրջը վերանորոգուի հայ եւ թրքական կողմերու պայմանաւորուածութեան համաձայն, ապա այն մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ քաղաքական առումով։

«Պահը բաւականին յարմար է, եւ մենք կրնանք այս պահը օգտագործել»,-ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահը։