Առաջիկայ ամիսներուն կրնայ տեղի ունենալ «3+3» ձեւաչափով (Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան – Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափի երկրորդ հանդիպումը։ Տեղեկութիւնը ԹԱՍՍ–ին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳՆ ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Տենիս Կոնչարը։
«Ներկայ պահուն կը շարունակուին մշակուիլ «3+3» ձեւաչափով երկրորդ նիստի կայացման կազմակերպչական եղանակները։ Կ'ակնկալենք, որ այն տեղի պիտի ունենայ առաջիկայ ամիսներուն։ Դատելով բոլոր մասնակիցներու տրամադրութենէն` հրաւէր կրնայ ուղղուիլ նաեւ Վրաստանին»,– ըսած է Կոնչար։
Անոր խօսքով` ռուսական կողմը համոզուած է, որ մասնակից երկիրներու միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման շահերէն ելլելով` «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակը պահանջուած է։
Բացի այդ, Ռուսիա յատուկ նշանակութիւն կու տայ տարածաշրջանի տարանցիկ ներուժի բացման, որուն կը նպաստէ փոխադրային երթուղիներու վերականգնումը։
«Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն համատեղ նախագծային գործունէութեան հեռանկարները ենթակառուցուածքներու արդիականացման գործին` ոչ միայն փոխադրութեան, այլեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Նման համագործակցութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանային բազմակողմանի կապերու հաստատման միջոցով տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման, կը դառնայ հայ–ատրպէյճանական եւ հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն աջակցելու յենասիւներէն մէկը»,– ըսած է ան։