Փետրուար 24-էն յետոյ Խէրսոնի մարզին մէջ ծնած երեխաները, ինչպէս նաեւ որբերը ինքնաբերաբար Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն պիտի ստանան: Այս մասին ըսած է Խէրսոնի շրջանի ռազմաքաղաքացիական վարչութեան ղեկավարի տեղակալ Քիրիլ Սթրեմուսովը:
Նախօրէին Սթրեմուսով ըսած էր, որ տարածաշրջանին մէջ ռուսական անձնագրերու «շտապ պահանջարկ» կայ: Անոր խօսքով` անոնց գրանցման համար աւելի քան տասը հազար յայտ ներկայացուած է:
Յատուկ գործողութեան ընթացքին ռուս զինուորականները վերահսկողութեան տակ վերցուած են Խէրսոնի շրջանը եւ Ուքրանիոյ հարաւը գտնուող Զափորոժիէի շրջանի Ազովեան հատուածը: Տարածաշրջաններուն մէջ ձեւաւորուած են նոր քաղաքացիական-ռազմական վարչակազմեր, սկսած են հեռարձակուիլ ռուսական հեռուստաալիքներն ու ռատիոկայանները, կը վերականգնուին առեւտրային կապերը Խրիմի հետ:
Մարզերու առաջին բնակիչները փաստաթուղթերը ստացած են Յունիս 11-ին: