image

21 Յուլիսին եռակողմ հանդիպում Պրիւքսէլի մէջ

21 Յուլիսին եռակողմ հանդիպում Պրիւքսէլի մէջ

21 Յուլիսին կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետի, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահի, Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպումը Պրիւքսէլի մէջ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն:

Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հնգակողմ հանդիպումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային փոխադրային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

21 Յուլիսին կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետի, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահի, Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպումը Պրիւքսէլի մէջ։