Ընթացիկ տարուան առաջին երեք ամիսներուն Հայաստան այցելած է 453.138 զբօսաշրջիկ․ այս ցուցանիշը 18,2 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած ցուցանիշէն։
Այս մասին դիմատետրի իր էջին հրապարակած տեսանիւթին մէջ յայտնած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։
Պապոյեանը նշած է, որ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ Հայաստանը շատ լաւ արդիւնքներ գրանցած է։
«Մասնաւորապէս, այս տարուայ երեք ամիսներին Հայաստան է եկել 453.138 զբօսաշրջիկ։ Սա 18,2 տոկոսով կամ աւելի քան 70 հազար զբօսաշրջիկով աւելի է, քան նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը»,-մանրամասնած է տնտեսութեան նախարարը։
Գէորգ Պապոյեանը մատնանշած է, որ սա Հայաստանի զբօսաշրջային վիճակագրութեան պատմութեան մէջ մրցանշային ցուցանիշ է։