image

2023 թուականի դրութեամբ աշխարհի մէջ կայ 183 հակամարտութիւն. Bloomberg-ը նշած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը

2023 թուականի դրութեամբ աշխարհի մէջ կայ 183 հակամարտութիւն. Bloomberg-ը նշած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը

2023 թուականի դրութեամբ աշխարհի մէջ կայ 183 տարածաշրջանային եւ տեղային հակամարտութիւն, որ ամենաբարձր ցուցանիշն է վերջին երեք տասնամեակի ընթացքին։ Այս մասին ըսուած է Լոնտոնի Ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկի զինուած հակամարտութիւններու ամէնամեայ ուսումնասիրութեան մէջ:

Ինչպէս գրած է Bloomberg-ը, դատելով ուսումնասիրութեան արդիւնքներէն՝ նոր տարուան պէտք չէ ակնկալել հակամարտութիւններու կարգաւորում: Ատով իսկ կ՚ընդգծուի, որ «անլուծելիութիւնը ժամանակակից համաշխարհային հակամարտութիւններու դաշտանկարի որոշիչ յատկանիշն է»։

Bloomberg-ը, խօսելով հակամարտութիւններու մասին, անդրադարձած է նաեւ Արցախին.«Ատրպէյճանը գրաւած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը՝ արագցնելով անոր աւելի քան 100,000 հայ բնակիչի փախուստը»։