Գերմանացի երգահան յօրինող Լիւտվիկ վան Պէթհովընի ճշմարիտ դէմքը, մահէն աւելի քան 200 տարի անց, գիտնականներու ջանքերով եւ արհեստական բանականութեան գործիքներու շնորհիւ, վերջապէս բացայայտուած է, կը գրէ Daily Mail-ը։
Երգահանի գանկին վրայ հիմնուած գիտական վերակառուցման շնորհիւ պարզուած է, թէ ինչպիսին եղած են հանճարի դիմագիծերը։ Հետազօտութեան առաջատար գիտնական Ցիցերօ Մորաես ստեղծած է Պէթհովընի առաջին եռաչափ դիմապատկերը՝ օգտագործելով անոր գանկի հին լուսանկարները, որոնք տրամադրուած են Պոննիի մէջ Պէթհովընի տուն-թանգարանէն։ Ան նաեւ օգտագործած է չափագրական տուեալներ՝ հաւաքուած դեռ 1888 թուականին։
Նախ, Մորաես ստեղծած է գանկի ճակատային եւ կողմնային ուրուագիծերը, ապա՝ անոնց հիման վրայ եռաչափ մոտել։ Այնուհետեւ աւելցուցած է փափուկ հիւսուածքներու հաստութիւնը, քիթի ուրուագիծը եւ այլ դիմային նշաններ՝ հիմնուելով եւրոպացիներու տուեալներուն վրայ։ Վերջին փուլին, դէմքին աւելցուած են մազերը՝ Պէթհովընի 1820-ի նշանաւոր դիմանկարի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ արհեստական բանականութեան գործիքի օգնութեամբ կատարելագործուած են միւս մանրամասնութիւնները։
Յօդուածը հրապարակուած է OrtogOnLineMag գիտական ամսագրին մէջ։