image

20 զինծառայողներէն 13-ը տեղափոխուած են Երեւանի եւ Սիսիանի զինուորական հիւանդանոցներ. ՊՆ

20 զինծառայողներէն 13-ը տեղափոխուած են Երեւանի եւ Սիսիանի զինուորական հիւանդանոցներ. ՊՆ

Երէկ Սիւնիքի մարզի մէջ զինծառայողներ տեղափոխող մեքենայի վթարի հետեւանքով տուժած 13 զինծառայողներ տեղափոխուած են Երեւանի եւ Սիսիանի զինուորական հիւանդանոցներ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։

«Մարմնական թեթեւ վնասուածքներ ստացած 7 զինծառայողները բժշկական լուրջ միջամտութեան կարիք չունեն»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ՊՆ–էն յայտնած են նաեւ որ այսօր ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ու առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանն այցելած են ՊՆ կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց եւ տեսակցած զինծառայողներուն հետ։

Նախարարներուն ներկայացուած են անոնց առողջական վիճակը եւ մանրամասներ բուժման ընթացքի վերաբերեալ։

Յիշեցնենք, որ վթարի փաստով քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 538-րդ յօդուածի 4-րդ մասի յատկանիշներով։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ զինծառայողներ տեղափոխող «Ուրալ» մակնիշի մեքենան ապրիլ 12-ին՝ ժամը 15:25-ի սահմաններուն, դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն եւ իյնալ ձորակը, որու հետեւանքով 4 զինծառայող մահացած է, 20–ը վնասուածքներ ստացած։ Մէկի վիճակը ծայրայեղ ծանր է, միւսներն ունին ծանր, միջին ու թեթեւ աստիճանի վնասուածքներ։