Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Իսրայէլն ու «Համաս»-ը համաձայնութեան հասած են իր՝ Կազայի խաղաղութեան նախաձեռնութեան առաջին փուլի շուրջ։
Ըստ պայմանաւորութեան՝ նախատեսուած է իսրայէլցի պատանդներու եւ պաղեստինցի բանտարկեալներու փոխանակում, իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերում Կազայի հատուածէն եւ մարդասիրական օգնութեան մուտք Կազա։
Եթէ այսօր Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս հաստատէ գործարքը, ապա հրադադար պիտի հաստատուի։
«Համաս»-ը հաստատած է իր համաձայնութիւնը, սակայն պաղեստինեան աղբիւրը BBC-ին յայտնած է, որ շարժումը առայժմ չէ ստացած Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուելիք պատանդներու վերջնական ցանկը։
Թէեւ այս փուլը կարեւոր է, սակայն խաղաղութեան ամբողջական հաստատումը Կազայի մէջ դեռ երաշխաւորուած չէ․ կան շարք մը առանցքային մանրամասնութիւններ, որոնք պէտք է դեռ յստակեցուին, գրած է BBC-ն։
Այս համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Եգիպտոսի մէջ երկարատեւ եւ աշխուժ բանակցութիւններէ ետք։
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն գործարքը բնորոշած է որպէս «հրաշալի օր» իր երկրի համար։
Սեպտեմբեր 30-ին Սպիտակ Տունը հրապարակած էր Կազայի հակամարտութեան կարգաւորման 20 կէտէ բաղկացած փաստաթուղթ մը, որ կոչ կ՚ընէ անյապաղ դադրեցնելու կրակը, նախատեսելով պատանդներու վերադարձ, Իսրայէլի փուլային հեռացում Կազայէն, «Համաս»-ի զինաթափում եւ միջազգային մարմնի հսկողութեամբ անցումային կառավարութեան ստեղծում։