Ալէք Ենիգոմշեանի խօսքով,«Նախախորհրդարան»ի համակարգող Ժիրայր Սէֆիլեան պատրաստ է հանդիպում ունենալ բարձրագոյն մարմնի պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ` նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ: Ենիգոմշեան, որ երէկ երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Սէֆիլեանին հետ, նաեւ ըսած է, որ անոր համար ամէնէն առաջնային խնդիրը երկրին մէջ արիւնահեղութիւնէ խուսափիլն է եւ այդ առումով ինք պատրաստ է բանակցութիւններ առաջ տանելու: Ենիգոմշեան նաեւ ըսած է, որ Էրէբունի ոստիկանական կեդրոն եղող «Սասնայ ծռեր» խմբակի զինեալները առաջին պահէն առաջարկած են Սէֆիլեանին իրենց մօտ գալը եւ հոնկէ բանակցութիւններ վարելը, բայց իշխանութիւնները մերժած են այդ մէկը: Ան նաեւ ըսած է, որ կացութիւնը յաւելեալ բարդացում կրած է գնդապետ Արթուր Վանոյեանի զոհուելէն ետք: