«Լիբանանը միշտ եղած է իրերամերժ ու կրօնական եւ քաղաքական հոսանքներու բախման կիզակէտ: Լիբանանի մէջ խնդիրները շատ աւելի մեծ սրացումի կրնան տանիլ երկիրը»,-«Արեւելք»ին ըսաւ Մարթին Ճերմակեան՝ նկատել տալով, որ շիիթ-սիւննի հակամարտութիւնը իր գագաթնակէտին կրնայ հասնիլ Պէյրութի մէջ, ուր հայութիւնը անելանելի վիճակի մը կը յայտնուի:
Սուրիահայ արմատներ ունեցող հայորդին «Արեւելք»ին իր մտահոգութիւնը յայտնեց ոչ միայն՝ Միջին Արեւելքի, այլեւ համայն հայութեան ճակատագրի մասին, շեշտելով, թէ պէտք չէ Սուրիոյ մէջ պատահած սխալները կրկնել Լիբանանի մէջ: «Երբ Սուրիոյ հարցը սկսած էր սրիլ, մարդիկ չգիտակցեցան, որ պէտք էր այդ մարդոց օգնել եւ ապահովել անոնց Հայաստան տեղափոխումը: Այդ մէկը խոչընդոտուեցաւ տարբեր, երբեմն անընդունելի պատճառաբանութիւններով»,- ըսաւ Ճերմակեան, յայտնելով, թէ Հալէպի Ազգային մարմիններուն ձեռնտու չէր գաղութի քանդումը, միւս կողմէ՝ գաղութի պահպանումը իրենց ուժերէն վեր էր: «Այդ իրենցմէ շատ աւելի մեծ խնդիր էր: Այսօր սուրիահայութիւնը շատ աւելի ծանր իրավիճակի մէջ յայտնուեցաւ»,- աւելցուց ան, մատնանաշելով, որ Հայաստանն ալ այս բոլորի մէջ ունի իր մեղքի մեծ բաժինը: «Արեւելք»ի զրուցակիցը դիտել կու տայ, որ այսօր Լիբանանի պատկան մարմինները նոյն ձեւով կը վարուին լիբանանահայութեան նկատմամբ, զգուշացնելով, որ երբ սկսին հասկնալ վտանգի անխուսափելիութիւնը, շատ ուշ պիտի ըլլայ, «շատ աւելի սուղ պիտի ըլլայ անոր գինը: Այն ատեն մարդիկ իրենց ունեցուածքը կը կորսնցնեն, անոնց կալուածներուն արժէքը անկում կ’ապրի ու առանց շապիկի կը ստիպուին փախչիլ Լիբանանէն»,-ըսաւ ան, մատնանշելով, թէ պատմութիւնը անընդհատ կը կրկնուի:
Անոր կարծիքով, վտանգի զգացողութիւնը կը բացակայի հայ ազգին մօտ, մանաւանդ որ այս կռիւները կ’ըլլան օտար հողի վրայ: «Եթէ մեր հողը ըլլար, չէի քաջալերէր փախչիլը, բայց այդ մեր հողը չէ, մեր երկիրը չէ: Կը հասկնամ, որ դժուար է կեանքը փոխելն ու տեղափոխուիլը, բայց պէտք է նուազագոյն վնասով տեղափոխուիլ»,-պնդեց ան, նշելով, որ ամէն պարագայի այս մէկը նաեւ անհատական որոշում է եւ տեղափոխուիլ չուզողները ազատ են իրենց կողմնորոշման մէջ, բայց եւ այնպէս «Մեր պարտականութիւնն է բացատրել ու ձեռք մեկնել անոնց, եթէ իրենք մեր ձեռքը սեղմել ուզեն»: Մեր զրուցակիցը կ'ընդգծէ, որ Լիբանանի մասին իր մտահոգութիւնը պատահական չէ, այլ դէպքերու զարգացման տրամաբանութիւնը տեսնելով՝ կանխազգուշացման կոչ է:
Ճերմակեան ճիշդ չի գտներ զանգուածային տեղափոխութիւնը, որովհետեւ, իչպէս կ'ըսէ ան, եթէ բոլորը ոտքի ելլեն եւ ուզեն իրենց տուները վաճառել, նիւթական շատ մեծ կորուստներ պիտի ըլլան: «Աւելի լաւ է՝ լուռ եւ առանց մեծ աղմուկ ստեղծելու, անհատապէս, փոքր-փոքր խումբերով սկսին իրենց կալուածները վաճառել եւ տեղափոխուիլ»,-նշեց ան: Գերագնահատելով Միջին Արեւելքի հայութեան Հայաստան հաստատուիլը, նշեց, որ լիբանանահայուն կամ ընդհանրապէս հայ մարդուն համար արեւմուտքի մէջ լաւ նախապայմաններ ստեղծելու հնարաւորութիւններ շատ քիչ են, քան՝ Հայաստանի մէջ, բացատրելով, որ Հայաստանի մէջ նոր գործ հիմնելու աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կան, քան՝ արեւմուտքի: «Հայաստան, իր բոլոր բարդութիւններով եւ խնդիրներով հանդերձ, աւելի լաւ հնարաւորութիւններ կու տայ Միջին Արեւելքի հայուն: Մանաւանդ, եթէ 10-20-30 հոգանոց խումբերով տեղափոխուին, պահպանեն իրենց յարաբերութիւնները եւ ապրին նոյն շրջանին մէջ, այդպիսով ներքին շրջանառութիւն կը ստեղծեն, միասնաբար կը ստեղծեն մէկ ընդհանուր համայնք եւ կը զարգացնեն իրենց գործը»,- ըսաւ ան:
ԱՄՆ-ի Ճորճիա նահանգը բնակող Ճերմակեան կը վկայէ, թէ մարդիկ եւ յատկապէս հայերը, իրենց րոպէական յարմարութիւնը, ապագայի համար զոհելու ցանկութիւն չունին: Ան վերջին քանի մը տարիներուն, Դիմատրերի վրայ բազամաթիւ գրառումներ ունի Հայաստանը փոքրամասնութիւններու կեդրոն դարձնելու մասին: Այս առումով ան «Արեւելք»ին ըսաւ. «Ցաւօք, առանց Հայաստանի կառավարութեան, դժուար պիտի ըլլայ իմ այդ միտքերը իրագործելը: Ես կողմնակից եմ ո՛չ միայն հայութեան տեղափոխման, այլեւ՝ սուրիանիներու, եզիտիներու եւ արաբ քրիստոնեաներու մէկ մասին Հայաստան տեղափոխեուն: Այս բոլորը, անշուշտ, Հայաստանի նիւթական ուժերէն վեր է»:
Ճերմակեան դիտել տուաւ, որ փախստականներու Եւրոպա, Ամերիկա կամ Գանատա տեղափոխման եւ կարգաւորման աշխատանքները նոյնպէս ծախսատար են, կայ նաեւ արեւմտեան աշխարհի մէջ գաղթականներու ներհոսքի դէմ բարձրացող պայքարը, շեշտելով, որ այստեղ խնդիրը միայն բարեգործական չէ, այլ կայ թաքնուած խնդիր՝ աջակողմեաններու եւ ձախակողմեաններու, նկատի ունենալով, որ զանգուածային գաղթականութիւնը խրախուսելով կը փոխեն երկրի ընկերային եւ քաղաքական կառուցուածքը: «Այս իշխանութիւն գրաւելու ձեւ է, համաշխարհային քաղաքականութիւն է ձախակողմեաններէն, որովհետեւ գաղթականներուն մեծ մասը կը դառնան դեմոկրատականներ: Թէպէտ այս հարցը բարձրաձայնօրէն չի քննարկուիր, բայց մարդիկ մեծ մասամբ դէմ են գաղթականութեան, ոչ թէ որովհետեւ բարեսրտութիւն չունին, այլ որովհետեւ կը հասկնան, որ տեղի կ’ունենայ իշխանութեան զավթում»,- մեկնաբանեց Ճերմակեան:
Անոր կարծիքով, այս խնդիրը մենք, որպէս Հայաստան, եթէ աւելի խորութեամբ ընկալենք, եւ առաջարկենք, որ փոխանակ այդ մարդոց որպէս փախստական իրենց երկիրներուն մէջ ընդունին եւ նպաստներ բաժնեն, այդ գումարի աւելի փոքր մասը Հայաստանին տրամադրեն եւ այդ գաղթականները Հայաստան տեղաւորենք, օգնենք անոնց ենթակառուցուածք ստեղծելու, աշխատանքներ ստեղծելու եւ ինքնաբաւ դարցնենք անոնց, Հայաստանն ալ մեծապէս կ'օգտուի: «Ես չեմ կարծեր, որ սփիւռքի միջոցներով լուծելի խնդիր է, այս խնդրի լուծումը իր ընդհանուր ծաւալով կը տեսնեմ միջազգային դրամական կազմակերպութիւններու միջամտութեամբ, որովհետեւ անոնց գործառոյթը երկիրներու մէջ կառուցուածք ստեղծելն է, կայուն տնտեսութիւն ստեղծելը»,- ըսաւ Ճերմակեան, նշելով, որ ինք որպէս ֆինանսական բնագաւառի մարդ, խնդրի ձեւաւորման մեծ հնարաւորութիւն կը տեսնէ, ուր կայ ե՛ւ Հայաստանի ենթակառուցուածքի կայունացման խնդիր, ե՛ւ միեւնոյն ժամանակ փախստականներու խնդրի մասնակի լուծում:
«Արեւելք»ի զրուցակցը, Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման հիմնական միջոցը կը գտնէ Հայաստանի սպառողական շուկայի զարգացումը, որ հնարաւոր է ապահովել միայն ներգաղթի միջոցով, ինչպէս եղած էր 1946 թուականին: «Իմ նախնիներս, այդ թուականին Հայաստան եկան: Անոնք պատահաբար չվերադարձան երկիր, ոչ ալ Ստալինը մտահոգ էր հայերու ճակատագրով: Պարզապէս 2-րդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ աշխատուժի պակաս կար: Անոնք մեծ հեռանկարներ ունէին երկրի ենթակառուցուածքը զարգացնելու, բայց անհրաժեշտ քանակութեամբ բնակչութիւն չկար: Հայաստանը մէկ միլիոնէն նուազ բնակչութիւն ունէր եւ այդ պատճառով էր միայն, որ անոնք թոյլատրեցին որ սփիւռքահայութիւնը գայ Հայաստան»,-յիշեց ան, պարզաբանելով, որ իրավիճակը այսօր նոյնն է, սակայն «հիմա կը պակսին քաղաքական կամքն ու մտածողութիւնը: Այս խնդիրը պէտք է ներկայանայ երկուստէք, որպէս Հայաստանի զարգացման խնդիր եւ արեւմուտքը որոշ չափով փախստականներու բեռէն ազատելու խնդիր»,- հաստատեց մասնագէտը:
Աշոտ Նաւասարդեանի հիմնադրած «Հանրապետական» կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն՝ Ճերմակեան, անդրադառնալով այս բնագաւառի մէջ հայ ազգի տհասութեան, յայտնեց, որ սփիւռքը այս առումով դեռ շատ յետամնաց է: «Ան դանդաղած է 19-րդ դարու ծանրութեան տակ: Մենք 20-րդ դարու ազգ չկրցանք դառնալ, առաւել եւս չենք կրնար հասկնալ 21-րդ դարու ընթացքը»,-ըսաւ ան, ընդգծելով, որ այս է հիմնական պատճառը, որ Հայաստանի մէջ ալ, սփիւռքի մէջ ալ, «մենք յետամնաց ազգ ենք»: Ան դիտել տուաւ, որ պատմութեան ընթացքին միշտ այդպէս եղած է. «Մենք յաճախ պարտուած եւ ուշացած ենք, նոյնիսկ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին, 1870-80-90 թուականներ, երբ յեղափոխական շարժումները սկսան, երբ ամբողջ Եւրոպան յեղափոխութեան մէջ էր, մենք բարեփոխութեան նպատակներ կը հետապնդէինք Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, մենք կը փորձէինք բարելաւել մեր վիճակը, ոչ թէ յեղափոխել: Յեղափոխական անուան տակ երբ սկսանք շարժիլ, աշխարհը մտած էր ազգային ազատագրական պայքարի ընթացք: Մենք երեսուն տարի ետեւ ինկած յեղափոխութեամբ զբաղած էինք, երբ աշխարհը համաշխարհայնացման ճանապարհով սկսաւ երթալ: Մենք միշտ պատմութենէն մէկ քայլ ետ մնացած ենք: Չենք կրցած գնահատել մեր դերը պատմութեան մէջ»,-շեշտադրեց Ճերմակեան, յայտնելով, որ ինք շատ կը փորձէ իր ձայնը ու կարծիքները լսելի դարձնել, տեղ հասցընել, բայց կը գտնէ, որ Հայաստանի մէջ ալ չկայ ընդհանուր գիտակցում:
Ան սխալ կը գտնէ «հնապահպանութիւն»ը ազգային արժէք յայտարարած ըլլալու փաստը, նշելով, որ կը զարգանան այն ազգերը միայն, որոնց հայեացքները ուղղուած կ'ըլլան ոչ թէ դէպի անցեալ, այլ դէպի ապագայ: «Մինչեւ հիմա մեր ինքնութիւնը Տիգրան Մեծի միջոցով կը փորձենք հաստատել: Նոր արժէքներ չենք ստեղծեր, միշտ կը փորձենք վերապրիլ հազարաւոր տարիներ առաջ ստեղծուած արժէքները ու անոնք պահպանել: Հնութիւնը պահպանելու միակ ձեւը՝ նորը ստեղծելն է: Ստեղծարար ազգ պէտք է ըլլանք»: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ այս թեման կրնայ հետաքրքրական չըլլար ներկայ պահին, բայց մեկնելով սուրիահայութեան ու լիբանանահայութեան ներկայ իրավիճակէն, կը շեշտէ անոնց, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն Հայաստան տեղափոխելու անհրաժեշտութիւնը, դարձնելով զայն քաղաքական յայտ՝ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ, ուր այս խնդրի լուծման համար հնարաւորութիւն կը ստեղծուի ամերիկեան եւ եւրոպական ուժերու ներգրաւման:
«Արեւելք»-ի զրուցակիցը, իր խօսքը ուղղելով յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապրող հայերուն, ըսաւ. «Կ’ուզէի, որ աչալուրջ ըլլան եւ համարձակ քայլեր առնելու ընդունակ: Յիշեն մեր պատմութիւնը, յիշեն ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպանութիւնը յանկարծակի չեղաւ, ամպրոպի պէս չպայթեցաւ երկնակամարին վրայ: Հայ ազգը, չունէր համապատասխան աչալրջութիւնը, համապատախան ազգային գիտակցութիւնը: Մենք ընդհանրապէա կը հետեւինք «ուր հաց՝ այնտեղ կաց» ասացուածքին: Այդ կտոր մը հացը դարձած է հայ ազգի գերագոյն նպատակը: Պէտք է բոլորս հասկնանք, որ կտոր մը հացը չէ մեր նպատակը, մեր նպատակը պայծառ ապագան է: Թող իրենք մտածեն, որ արդեօ՞ք Լիբանանն ու Սուրիան այն երկիրներն են, ուր իրենց պայծառ ապագայ կը սպասէ»: