Ամերիկացի միլիառատէր եւ բարերար Պիլ Կէյթցը BBC-ին տուած հարցազրոյցի մէջ յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթը կրնայ պատրաստ ըլլալ մէկուկէս տարի անց, սակայն դեղամիջոցի զանգուածային արտադրութեան համար աշխարհը, հնարաւոր է, ստիպուած ըլլալ մեղմել անվտանգութեան ստուգման սովորական ընթացակարգերը:
«Փոխզիջումներ պիտի պահանջուին,- ըսած է Կէյթցը։- Մենք աւելի քիչ անվտանգութեան ստուգումներ պիտի ունենանք սովորական իրավիճակի համեմատ»:
Մարտի կէսերուն BBC-ի առողջապահական թղթակից Ճեյմս Գալահերը յայտնած էր, որ գիտնականներն արդէն մշակած են Covid-19-ի դէմ պատուաստանիւթի մի քանի տարբերակ եւ այժմ զանոնք կը փորձարկեն կենդանիներու վրայ: Եթէ փորձերը յաջողութեամբ անցնին, յաջորդ փուլը՝ մարդոց վրայ փորձարկումները, կրնան սկսիլ արդէն այս տարի։
Գիտնականներու ջանքերը կը բարդացնէ այն փաստը, որ աշխարհի մէջ կրնան գոյութիւն ունենալ «Քորոնա» ժահրի մի քանի տեսակներ:
Մինչդեռ «Քորոնա»ի դէմ պայքարի գծով բրիտանացի առաջատար գիտնական, Wellcome Trust ընկերութեան ներկայացուցիչ Ճերըմի Ֆարարը յայտարարած է, որ պատուաստանիւթի մշակումը պիտի բարդանայ նաեւ անով, որ արդէն Covid-19-ով վարակուած որոշ մարդոց քննութիւնները երկրորդ անգամ ցոյց կու տան ժահրի ներկայութիւնը:
Անոր խօսքով՝ այդ տեղի ունեցած է Հարաւային Քորէայի մէջ գրեթէ 100 հիւանդներու հետ, եւ գիտնականները դեռ չեն հասկնար՝ արդեօք այդ կը նշանակէ, որ ժահրը աշխոյժ կը մնայ արեան մէջ, թէ այդ մարդիկ դարձեալ կը վարակուին:
Microsoft ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյթցի բարեգործական հիմնադրամը Covid-19-ի դէմ պատուաստանիւթի մշակումը ֆինանսաւորողներու շարքին է: Կէյթցի խօսքով՝ միայն պատուաստումը թոյլ կու տայ վերադառնալ Covid-19 համավարակէն առաջ գոյութիւն ունեցած կենսակերպին:
