«Դատախազութիւնը սկսած է ուսումնասիրել «ԿամԱԶ»-ներու սքանտալը։ Ոմանք կը պնդեն, թէ Մարութեանի հրաժարականն անխուսափելի է։ Ո՞վ կրնայ ըլլալ «Իմ քայլի» յաջորդ թեկնածուն՝ հարցուցինք քաղաքապետարանի աղբիւրին։ «Ոչ մէկը։ Ամենահաւանական թեկնածուն Հրաչ Սարգսեանն է, որ «Առաքելութիւն» կուսակցութենէն է, ինչը մինուս (բացասական կէտ) է իր համար։
Հասկնալի է, չէ՞, ոչ մէկ պարագայի Փաշինեանը կը համաձայնի, որ այլ կուսակցութեան ներկայացուցիչ դառնայ քաղաքապետ»: Սարգսեանը կը դառնայ իմքայլական։ «Չէ, աւելի լուրջ բան կայ՝ երբ Մարութեանն արձակուրդի մէջ էր, ԺՊ-ն Հրաչն էր, Հրաչը կը մեղադրեն թղթաբանութեան մէջ կեղծիք թոյլ տալու մէջ՝ այդ հարցով Դաւիթ Խաժակեանը դիմած է Դատախազութիւն։ Հրաչի երթալէն ետք միւս փոխքաղաքապետը՝ Հայկ Սարգսեանը դարձած է ԺՊ, որուն իրաւունքը չունէր»:
Մտածուա՞ծ ըրած են։ «Չեմ կրնար ըսել, բայց չեմ բացառեր, կրնային հրամանն այնպէս տալ, որ Մարութեանն արձակուրդ երթալէ առաջ իր լիազօրութիւնները դնէր նախ Հրաչի, յետոյ՝ Հայկի վրայ։ Հայկը չի կրնար քաղաքապետ ընտրուիլ՝ աւագանիի անդամ չէ, իսկ Հրաչը կրնայ, անոր ալ թաթախեցին այդ պատմութիւն-կեղծիքի մէջ»:
Յաջո՞րդը ով է «Իմ քայլէն»։ «Չկայ յարմար թեկնածու, բայց միշտ կարելի է որեւէ «պոլի փետի» դնել»»,-գրած է թերթը:
Նիւթը ամբողջութեամբ կարդացէք թերթի այսօրուայ համարէն: