Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին օրերուն տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին հակառակորդի կրակոցէն զոհուած զինծառայող Արթուր Մուրատեանը Մարտական ծառայութեան մետալով պարգեւատրելու մասին։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին եւ 9-րդ մասերու. Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ ցուցաբերած խիզախութեան եւ նուիրումի համար Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան թիւ N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Արթուր Բագրատի Մուրատեանը յետմահու պարգեւատրել Մարտական ծառայութեան մետալով»,-ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Տաւուշի մէջ 14 յուլիսին ՀՀ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ ծանր վիրաւորում ստանալէ ետք կեանքի համար գրեթէ 10-օրեայ պայքար մղած եւ 22 յուլիսին զինուորական հիւանդանոցին մէջ մահացած 19-ամեայ Արթուր Մուրատեանը Երեւանի Մալաթիա վարչական շրջանէն էր, 6 ամսուան զինծառայող։ Արթուրը կը ծառայէր աւագ եղբօր հետ նոյն զօրամասին մէջ, որ պիտի զօրացրուի օգոստոսին։ Բացի այդ, Արթուրը եւս մէկ եղբայր ունի՝ 3 տարեկան։