Իր առաձնատան մէջ յայտնաբերուած է ՀՀ նախկին ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեանի դին։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ NEWS.am-ը, որ նաեւ կը նշէ, թէ նախկին ոստիկանապետի գլխու շրջանին նկատուած է հրազէնային վիրաւորում։
Դէպքը տեղի ունեցած է 22 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 23:50-ին, Յարութիւնեանի Բջնիի ամառանոցէն ներս։
Կը կատարուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։