image

Յատուկ զօրքերը դուրս կու գան Լոս Անճելոսէն

Յատուկ զօրքերը դուրս կու գան Լոս Անճելոսէն

ԱՄՆ Ազգային բանակի ստորաբաժանումը դուրս կը բերեն Լոս Անճելոսէն (Քալիֆորնիա)։ Այդ մասին կիրակի յայտնած է KTLA հեռուստաալիքը։

Բանակի ուժերը բերուած էին այդ 10 միլիոն բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ մէկ շաբաթ առաջ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի մահով հրահրուած անկարգութիւններու ծիրէն ներս։ Զինուորականները կը պահպանէին քաղաքապետարանի շէնքը եւ կ'օգնէին ոստիկանութեան վերահսկել անվտանգութիւնը շարունակական զանգաուածային ցոյցերու ժամանակ։ Ազգային բանակի ներկայութեամբ անոնց ցոյցերը շարունակուեցան խաղաղ հունով։

Լոս Անճելոսի մէջ 31 մայիսէն 4 յունիս նոյնպէս գործած է պարէտային ժամ, սակայն հինգշաբթի քաղաքապետ Էրիք Գարսեթին յայտարարած էր, որ պիտի չերկարաձգէ այն, քանի որ ցոյցերը այլեւս չեն ուղեկցուիր անկարգութիւններով, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։