Յունաստանի մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան վրայ յարձակում գործուած է: Թուրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան տեղեկացմամբ, նախօրէին շուրջ 8 անձէ բաղկացած խումբ մը կարմիր եւ սեւ ներկերով լեցուած բազմաթիւ շիշեր նետած են Կիւմուլճինէ քաղաքի Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանի շէնքին վրայ:
Աղբիւրի հաւաստմամբ, ցուցարարները ահաբեկչական խմբաւորում համարուող «Յեղափոխական ազգային-ազատագրական կուսակցութիւն -ճակատին» (DHKP/C) աջակցող թռուցիկներ տարածած են հիւպատոսարանի փողոցին վրայ եւ կարգախօսներ հնչեցնելով դիմած են փախուստի: Ոստիկանութիւնը դէպքի առթիւ հետաքննութիւն սկսած է:
Նշենք, որ «Յեղափոխական ազգային-ազատագրական կուսակցութիւն-ճակատը» ձեւաւորուած է 1994-ին, կուսակցութեան հիմքը մարքսիզմ -լենինիզմի գաղափարախօսութիւնն է: Կուսակցութիւնը պատասխանատու է քաղաքական գործունէութեան համար, իսկ «ճակատը»՝ ռազմական կազմաւորումներու ու զինուած գործողութիւններու: