Իրաք-(«Ալ-Տիար»-Պէյրութ)-Բրիտանական «Daily Telegraph» թերթը, անդրադառնալով Ֆալլուժայի ազատագրման, յայտնած է, որ սա իրաքեան բանակի մեծագոյն յաղթանակն է «Տահէշ»ին: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-տիարը», նշելով, որ բրիտանական թերթի համաձայն՝ նկատի ունենալով Ֆալլուժայի բնակչութեան մեծամասնութեան սիւննի ըլլալը, անոր ազատագրումը զօրաւոր հարուած է «Տահէշ»ին, որուն Իրաքի մէջ ձեռքը մնացած միակ քաղաքը Մուսուլն է:
Թերթը նաեւ յայտնած է, որ «Իրաքեան բանակի գործողութիւններուն յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ «Տահէշ»ին Մուսուլէն դուրս բերելը», աւելցնելով, որ «յաջորդ փուլը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ Մուսուլը տարածքով Ֆալլուժայէն հինգ անգամ աւելի մեծ է եւ ունի 1,5 միլիոն բնակչութիւնը, մինչ Ֆալլուժայի բնակչութիւնը 300 հազար էր»: