image

Ո՞վ է «Աւրորա»-ի մրցանքի յաւակնորդ Մոհամմէտ Տարուիշը, բարեգործ, թէ՞...

Ո՞վ է «Աւրորա»-ի մրցանքի յաւակնորդ Մոհամմէտ Տարուիշը, բարեգործ, թէ՞...

Երեւանի մէջ 2-րդ անգամ ըլլալով կը կայանայ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու կողմէ եւ ի երախտագիտութիւն փրկողներուն՝  տարին անգամ մը «Աւրորա»  մրցանակը կը բարձրացնէ աշխարհով մէկ տեղի ունեցող ոճրագործութիւններու մասին հանրային իրազեկում, որն ալ թերեւս «Աւրորա»-ի գլխաւոր նպատակն է:

 

Այս տարի մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդները հինգն են, որոնք ընտրուած են 558 թեկնածուներէն: Յաւակնորդներէն մէկը՝ սուրիացի 26-ամեայ Մոհամմէտ Տարուիշը, ամենաերիտասարդն է: Ան մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ է: Ըստ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական տեղեկութիւններուն՝ Մ. Տարուիշը մարդասիրական մեծ գործունէութիւն կը ծաւալէ  Դամասկոսէն քանի մը  քմ. հեռաւորութեան վրայ եղող, ահաբեկիչներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Մատայա քաղաքին մէջ: Ան ատամնաբոյժ է, սակայն կատարած է նաեւ բարդ գործողութիւններ եւ փրկած է մարդկային կեանքեր: 

 

Սակայն վերջերս Տարուիշի առաջադրման հարցը հալէպահայութեան մէջ քննարկման արարկայ դարձաւ: Խնդիրը բարձրացուց  հալէպահայ բժիշկ Ռոպէրթ Սիւլահեանը, որ դիմատետրի վրայ աւելի քան 15.000 հետեւորդ ունեցող «Հալէպահայեր» խումբի համակարգողն է: Ան հաւաստի փաստեր  բերաւ՝ պնդելով, որ Մոհամմէտ Տարուիշը իրականութեան մէջ ոչ թէ բարեգործ եւ մեծ մարդասէր է, այլ «Ճապհէթ Ալ-Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման անդամ,  որ «Ալ-Քաիտա»-ի սուրիական ճիւղաւորումն է:

 

«Մ. Տարուիշը «Ճապհէթ Ալ-Նուսրա»-ի անդամ եղած է  Դամասկոսի  հարաւը գտնուող Մատայա քաղաքին մէջ: Այս տարուան Ապրիլին, կառավարական ուժերու հետ բախումներ ունենալով, ահաբեկիչները պարտութիւն կրած եւ լքած էին քաղաքը, որոնց շարքին եղած էր նաեւ Տարուիշը: Պարտութենէ ետք ան Թուրքիա անցած է եւ՝ յայտարարած, որ  Հայաստան պիտի երթայ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու: Սա անտրամաբանական եւ վիրաւորական է յատկապէս սուրիահայերու համար, որոնք մեծ վնասներ կրեցին «Ճապհէթ Ալ-Նուսրա»-ի գործողութիւններու հետեւանքով»,- ըսաւ սուրիահայ բժիշկը:

 

Ռ. Սիւլահեանը կը հաստատէ, որ Տարուիշը ոչ թէ օգնած ու բժշկած է Մատայայի բնակչութիւնը, այլ ահաբեկչական խմբաւորման վիրաւորուած  անդամները բուժած է:  Այս առիթով բժիշկը նամակով դիմած է «Աւրորա»-ին եւ փաստական տեղեկութիւններ հաղորդելով Տարուիշի մասին՝ խնդրածէ վերանայիլ վերջինիս մասնակցութեան որոշումը:

 

Հարկ է նշել, որ սուրիական պետութեան ընդդէմ բոլոր ուժերը, լրատուամիջոցները կը գովաբանեն եւ կ’ընդունին  Տարուիշին որպէս հերոս:

 

Նշենք, որ այս անգամ մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կայանայ 28 մայիսին։