Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթը նոր մանրամասներ ներկայացուցած է Երուսաղէմ քաղաքին տակ կառուցուած պարսպապատ թաքստոցին մասին, որ կը պատկանի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին:
Թերթը մասնաւորաբար անդրադարձած է վարչապետին կողմէ նախարարական խորհուրդի նիստերու գումարման վայրն իր թաքստոց տեղափոխելու պատճառներուն, որոնք ըստ որոշ նախարարներու, բաւարար համոզիչ չեն, եւ վախի շինծու մթնոլորտ կը ստեղծեն:
Նախարարներէն ոմանց կարծիքով, նախարարական խորհուրդի նիստերու գումարման վայրը փոխելու պատճառը Նաթանիահուի սարսափն է իրանեան հրթիռներէն, որոնք նոյնպէս կրնան կիրառուիլ «Հըզպալլա»ի կողմէ:
Թերթին կարծիքով, Նաթանիահու նպատակ ունի Իրանին ցոյց տալ, որ Իսրայէլ անառիկ է եւ պաշտպանուած որեւէ յարձակման դէմ:
Սակայն իսկական դրդապատճառը, ըստ թերթին, նախարարական խորհուրդի նիստերու ժամանակ քննարկուող հարցերու գաղտնի մնալն է, նկատի ունենալով, որ ստորգետնեայ թաքստոցին մէջ բջիջային հեռախօսներու հասանելիութիւնը բացառուած է:
Թերթին համաձայն, նիստերու գումարման վայրի տեղափոխումէն ի վեր, նախարարական խորհուրդը առնուազն 3 նիստ արդէն գումարած է ստորգետնեայ թաքստոցին մէջ: