Արտայայտութիւն, որ այսօրուան մարդուն բառապաշարն մէջ դարձած է շատ բնական: «Ո՞ւր ես Աստուած», «ո՞ւր ես Տէր», «ո՞ւր ես, ո՞ւր ես, ո՞ւր ես», եւ անվերջ նոյն հարցադրումը: Սակայն, այս հարցադրումը կատարողները ո՛չ մէկ արդարացում ունին, իրենց տուած պատճառաբանութիւնները սին են եւ անհիմն, որովհետեւ հարցադրումը կատարողները զայն կը կատարեն առանց հասկնալու, առանց գիտակցելու իրենց իսկ կատարած հարցադրումին: Աւելին, այս հարցադրումը կատարողները երբեւէ զԱստուած չեն ճանչնար եւ գիտակ չեն Անոր Մեծութեան եւ Ամենակարողութեան: Տակաւին, այս հարցադրումը կատարողները տեղեակ չեն Աստուածաշունչէն եւ շատերը նոյնիսկ գէթ մէկ անգամ չեն կարդացած զայն:
Հասկնալի է, որ ներկայիս կեանքը շատ դժուարացած է: Որպէս մարդ գոյատեւելը ներկայ աշխարհին մէջ, ահագին ոյժ եւ կորով կը պահանջէ: Նիւթականացած այս աշխարհին մէջ բարոյական արժէքներով գոյատեւելը եթէ հնարաւոր չէ՝ շատ դժուար է: Եւ այնպէս ասոնք, արդարացումներ չեն, որովհետեւ հարցադրումը փոխանակ «ո՞ւր ես Աստուած» ըլլալու, պէտք է ըլլայ «ո՞ւր ես մարդ»: Մենք մեր մարդկային բնութեամբ միշտ հակուած ենք ամէն ինչ մեզմէ դուրս տեսնելու, նոյնիսկ այն ինչ կը վերաբերի Աստուած-մարդ յարաբերութեան:
Լաւ պէտք է հասկնան բոլոր անոնք, որոնք այս հարցադրումը կ'ընեն եւ բոլոր անոնք որոնք այս հարցադրումը չեն ընէր, որ Աստուած մի՛շտ ալ ներկայ է մեր կողքին, մի՛շտ ալ պատրաստ է մեզի օգնելու, սակայն մե՛նք է, որ Աստուծոյ դիմաց բոլոր դռները փակած ենք, բայց եւ այնպէս կը յաւակնինք ըսելու՝ «ո՞ւր ես Աստուած»:
Ամենաբարին Աստուած մօ՛տդ է, կողքիդ կանգնա՛ծ է, մա՜րդ արարած, բա՛ց հոգիիդ աչքերը եւ պիտի տեսնես զինք: Բա՛ց հոգիիդ ականջները եւ պիտի լսես Անոր քաղցր ձայնը: Բա՛ց հոգիիդ դուռը եւ թոյլ տուր որ ներս մտնէ Ան, եւ վստահ եղիր որ ամէն դժուարութիւններդ կամաց-կամաց պիտի վերանան, քու ներաշխարհդ պիտի փոխուի Անոր ներկայութեամբ, այն դժուարութիւնները որոնք քեզի համար հսկայ կը թուային, Աստուծմով այնքա՜ն փոքր պիտի երեւան քեզի եւ դիւրաւ յաղթահարելի: Կարեւորը, այսօ՛ր իսկ, որոշէ «ո՞ւր ես Աստուած» ըսելու փոխարէն, ըսել՝ «Հա՜յր, եկո՛ւր եւ բնակիր իմ մէջս, եւ ողորմէ՛ ինծի՝ մեղաւորիս»:
Ի վերջոյ, արժէ կարդալ սաղմոսերգու Դաւիթ Թագաւորին հետեւեալ տողերը, համոզուելու համար, թէ երբ մենք զԱստուած չենք լքած, Աստուած մի՛շտ ալ մեր կողքին է. «Տէ՜ր, ես քեզի՛ կը դիմեմ, թող ամօթով չմնա՛մ. ամբարիշտները թող որ իրե՛նք ամչնան, եւ լռութեան մատնուած՝ իջնեն գերեզման։ Թող պապանձին բոլոր ստախօսները, որոնք անամօթ կերպով արդարին դէմ կը խօսին, արհամարհանքով եւ հպարտութեամբ։ Սակայն դուն, Տէ՜ր, ի՜նչ մեծ բարիք կը վերապահես քու երկիւղդ ունեցողներուն, եւ զայն կը ցուցաբերես քեզի ապաւինողներուն, բոլոր մարդոց աչքին առջեւ։ Զանոնք կը պահես ներկայութեանդ հովանիին տակ, հեռու՝ մարդոց դաւերէն. քու յարկիդ տակ կը պատսպարես մարդոց չար լեզուներէն։
Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, որ իր սքանչելի սէրը ցոյց տուաւ ինծի՝ երբ նեղութիւններով պաշարուած էի. երբ շփոթի մատնուած՝ խորհեցայ, թէ մերժուեցայ ես Աստուծոյ ներկայութենէն։ Սակայն դուն, Տէ՜ր, իմ աղօթքիս ձայնը լսեցի՛ր երբ քեզ օգնութեան կանչեցի։
Տէ՛րը սիրեցէք, դուք՝ բոլորդ որ անոր նուիրուած էք, որովհետեւ Տէրը կը պահէ անոնք՝ որոնք իրեն հաւատարիմ են, եւ արժանին կը հատուցանէ ամբարտաւաններուն։ Օ՛ն, քա՛ջ եղէք ու զօրացէք, դուք՝ բոլորդ որ ձեր յոյսը Տիրոջ վրայ դրած էք» (Սղ 31.17-24):
17 Սեպեմբեր 2016