image

Հայաստանն ու Թուրքիան կը քննարկեն երկու երկիրներու համալսարաններուն մէջ ուսանողներուն կրթաթոշակներ սահմանելու հնարաւորութիւնը․ Միրզոյեան

Հայաստանն ու Թուրքիան կը քննարկեն երկու երկիրներու համալսարաններուն մէջ  ուսանողներուն կրթաթոշակներ սահմանելու հնարաւորութիւնը․ Միրզոյեան

Կը քննարկուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ իրար ուսանողներուն կրթաթոշակներ սահմանելու հնարաւորութիւնը։ Այս մասին մարտ 23-ին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովին հետ հանդիպման։

Ներկայացնելով Հայաստանի եւ Թուքրիոյ միջեւ ընթացող երկխօսութեան նախարարը յայտնած է, որ այն ընթացքի մէջ զարգացող եւ խոստումնալից է։

Ըստ Միրզոյեանի՝ երկխօսութեան նպատակն է սահմաններու ամբողջական բացումը, Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի եւ ճանապարհի վերագործարկումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։

Գետնի վրայ իրականացուող աշխատանքներու շարքին Միրզոյեան առանձնացուցած է համատեղ աշխատանքային խումբի հանդիպումները, որոնց ընթացքին մասնագէտները ուսումնասիրած են ենթակառուցուածքներու վիճակը սահմանի երկու կողմերուն։

Արդէն իսկ իրագործուած քայլերէն նախարարը նշած է դիւանագիտական, ծառայողական եւ յատուկ անձնագրեր կրողներու համար առանց պետական տուրքի եւ ելեկտրոնային համակարգով մուտքի արտօնագրերու հասանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ թրքական օդուղիներու մուտքը Հայաստան։

Ըստ գերատեսչութեան ղեկավարի՝ գործընթացը կ՚ուղեկցուի երկիրներու առաջնորդներու, արտաքին գործոց նախարարներու եւ այլ գերատեսչութիւններու ղեկավարներու պարբերական շփումներով ու այցերով։