Պարզաբանում Յարգարժան Տիգրան Խզմալեանի ունեցած մէկ արտայայտութեան մասին
28 Օգոստոս 2020ին, Յարգարժան Պրն. Տիգրան Խզմալեանը հիւրընկալուած էր Համլէթ Ղուշչեանին կողմէ: Հանդիպումի թեման Ռուսաստանի ներկայի իրավիճակին մասին էր: Զրոյցի վերջին հատուածին, Պրն. Ղուշչեանը հարց տուաւ Հայաստան-Ազրպէյտճան լարուածութեան մասին. Պրն. Խզմալեանը անդրադառնալով տիրող իրավիճակին, իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ այն հանգամանքը, որ մենք՝ հայերս ներկայիս հինգ գերիներ ունինք՝ սպայ եւ շարքայիններ թշնամիին մօտ, եւ մէջբերում մը կատարեց համեմատականի կերպով՝ հրեաներէն, ուր հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Իսրայէլը նման դէպքում, մէկ գերի ազատագրելու համար, համարեայ հազար պաղեստինցի արաբ որճրագործ, որոշ դէպքերում մարդասպան է փոխանցել, միայն որ իր գերեվարուած սպային՝ Քաբրալ Կիլաթ…»:
Յարգելի Պրն. Խզմալեան, Դուք ըլլալով հմուտ քաղաքագէտ, կը կարծեմ որ նման սխալ արտայայտութիւն մը պէտք չէր թոյլ տայիք դուք ձեզի: Նահատակուած եւ ցեղասպանուած ժողովուրդ ենք, եւ մեր նահատակութեան ընթացքը տակաւին չէ կանգնած, քանի որ տակաւին թշնամին ամէն առիթ կ'օգտագործէ հայու արիւնը թափելու…, եւ հակառակ այն սնափառ խաղաղութեան աղերսակոչերուն, թշնամին նոյն «խաղաղութեամբ» առիթ բաց պիտի չձգէ… Ինչ կը վերաբերի պաղեստինցիներուն, իրենք եւս մեր ժողովուրդին նման նահատակուած եւ նահատակութիւնը ամէն օր ապրող ժողովուրդ է, եւ այդ ժողովուրդին զաւակաները՝ որոնք իրենց հողը, հայրենիքը, հայրերն ու մայրերը, կիներն ու զաւակները, քոյրերն ու եղբայրները պաշտպանելու ճանապարհին, ինչ-ինչ պարագաներու բերումով գերի ինկած են, զանոնք որճրագործ ու մարդասպան կոչել, պարզապէս անարգանք է անոնց նուիրական եւ արդար պայքարին: Երբեւէ դուք ձեզի հարցուցա՞ծ էք թէ այդ ազատագրուած հրեայ սպան քանի՞ հարիւր կամ հազար պաղեստինցի սպաննած է: Հիմա ո՞վ է որճրագործն ու մարդասպանը… Ձեր նման հմուտ մարդը, այսպիսի նուրբ հարցերուն պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ:
Յարգանքներուս հաւաստիքը:
Յ.Գ. Ձեր՝ մեր գերիները ազատելուն առնչուած փոխանցել ուզած գաղափարը շատ պարզ ու յստակ էր ասֆալթ փռողին կամ փռողներուն ուղղուած, որոնք Դանայեան տակառի նման միայն ձայն է, որ կը հանեն, բայց…: Բայց մերինները ազատագրելու ճանապարհին, մեր նման նահատակուած ժողովուրդի մը զաւակաները անարգելը, կը կարծեմ որ ճիշդ չէ:
Վարանդ Քորթմոսեան
28 Օգոստոս 2020
Վաղարշապատ