image

Պէտք է հասկնալ, որ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը քարոզչական նիւթ չէ.Յակոբ Քորթմոսեան

Պէտք է   հասկնալ, որ  «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը  քարոզչական  նիւթ չէ.Յակոբ  Քորթմոսեան

Վերջին օրերու հայրենական մեր կեանքէն ներս աշխոյժ կերպով կը շրջանառուի «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթի դասաւանդման հարցը: Կարծէք երկու հակադիր ոյժեր յայտնուած են, որոնք կը փորձեն մէկը միւսը տապալել ամէն գնով՝ կարելի եւ ո՛չ կարելի, բարոյական եւ ո՛չ բարոյական:

Այս հարցին անդրադառնալէ զերծ չմնաց նաեւ երկրի Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը, ով իր ուղիղ հեռարձակումներէն մէկուն ընթացքին կարծիք յայտնեց, այն  մասին թէ արդեօք  Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն եւ Հայոց Պատմութիւն դասանիւթերը պէտք է միացուին՝ մէկ դասանիւթի մէջ: Նմանատիպ արտայայտութիւն ունեցած է նաեւ Կրթութեան նախարարը: Նմանատիպ կարծիքներ յայտնած են նաեւ անոնք որոնք դէմ են «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթի դասաւանդմանը: Այս բոլոր կարծիքներուն ի պատասխան, հետեւեալ հարցադրումը ունիմ վերոնշեալներուն:

«Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթը եթէ կ'ուզէք կամ կը ծրագրէք միացնել Հայոց Պատմութիւն դասանիւթիւն, արդեօք նկատի ունեցա՞ծ էք, որ Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը իր մէջ կ'ընդգրկէ՝

- Աստուածաշունչ Մատեան՝ Հին եւ Նոր Կտակարաններ:

- Ընդհանրական եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հայրերու կողմէ հեղինակուած գրականութիւն:

- Տիեզերական ժողովներ եւ Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ ժողովներ:

- Համաքրիստոնէական եւ Հայկական եկեղեցական տօներ:

- Համաքրիստոնէական եւ Հայկական եկեղեցական արարողութիւններ, ինչպիսիքն են՝ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը, Սուրբ Պսակը, եւ այլն:

- Բարոյք կամ բարոյագիտութիւն:

- Ընտանիք-ժողովուրդ-եկեղեղեցի-պետութիւն փոխյարաբերութիւն:

Շարքը տակաւին կարելի է երկարել, բայց այսքանով առ այժմ կը բաւարարուիմ:

 

Եթէ կ'ըսենք թէ երկու դասանիւթերը պիտի միացուն, հետեւաբար առնուազն վերեւ թուարկածներս պէտք է նկատի առնուին «Հայոց Պատմութիւն» դասագիրքին մէջ, այլապէս անիմաստ է ըսել թէ Հայոց Պատմութիւնն ու Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը նոյնն են եւ պէտք է միանան: Եւ թող չըսուի թէ վերեւ նշուածները եթէ ընդգրկուին դասագիրքին մէջ, հետեւաբար ատիկա քարոզութիւն է, եւ այլն: Քարոզութիւն չէ: Ընդհակառակը, այդ բոլորը անբաժան մասնիկներն են Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան, եւ առանց այդ տարրերուն չկայ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն: Եթէ ձեր ըմբռնած կերպը այսպիսին է դաանիւթերը միացնելուն, հետեւաբար կը կարծեմ, թէ ո՛չ մէկ անպատեհութիւն կայ դասանիւթերը միացնելուն, իսկ եթէ այդպէս չէ, թող ներուի ինծի ըսել, որ այդ պարագային ձեր բարձրացուցած խնդիրը ո՛չ թէ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթն է, այլ՝ հայ ժողովուրդի դարերէ ի վեր կազմուած ու ամրացուած արժէհամակարգն է եւ ո՛չ աւելին:

 

Վարանդ Քորթմոսեան

7 Նոյեմբեր 2019

 

Յ.Գ. 1) Տպաւորութիւն թող չստեղծուի թէ գրութեանս նպատակը համացանցի վրայ հաւանութիւն հաւաքելը կամ մեծ թիւով տարածում գտնելն է, ո՛չ: Ու թող ներուի ինծի ըսել, որ այդ ձեւով մտածողները, այսինքն՝ քանի՞ հաւանող կայ, քանի՞ չհաւանող, քանի՞ հոգի կիսուելով տարածած է, մի՛ միայն վնաս է, որ կը պատճառեն թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ եւ թէ մեր Պետութեան: Զգացմունքային եւ անհաւասարակշիռ մօտեցումները, արտայայտութիւններն ու արարքները կրնան հղի ըլլալ անյետադարձ փակուղիներով: Զգօ՛ն պէտք է ըլլանք: 

Յ.Գ. 2) Մեր երկրի Վսեմաշուք Վարչապետին անունը, որ գրութեանս մէջ օգտագործած եմ, թող շահարկման առարկայ չդառնայ: Իմ կեանքիս առաջին տրամաբանուած եւ անձնական համոզումիս իբրեւ արդիւնք հանդիսացող քուէն իրեն վստահած եմ եւ շատ մեծ յոյսեր ու ակնկալիքներ ունիմ Նիկոլ Փաշինեանէն, որ մեր երկիրը հաստատ քայլերով պիտի առաջնորդէ դէպի զօրաւոր եւ զարգացած երկիր մը ըլլալուն: Պարզապէս անուանպէս յիշեցի իր անունը, այն յոյսով, որ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթի խնդրին շատ աւելի աչալուրջ եւ խորքային կը մօտենայ եւ լուրջ խորհրդակցութիւններ ունենայ նախքան որեւէ մէկ քայլ առնելը այս ուղղութեամբ: