image

Ո՞ր միաբանները ներկայացուցած են Մայր Աթոռը Իլիա 2-րդի  յուղարկաւորութեան 

Ո՞ր միաբանները ներկայացուցած են Մայր Աթոռը Իլիա 2-րդի  յուղարկաւորութեան 

Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Երկրորդի վերջին հրաժեշտ արարողութեան Մայր Աթոռէն մասնակցած են Ռումինիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանը եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեանը։

Այս մասին յայտնած է Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Եսայի քահանայ Արթենեանը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, չնայած Վրաց պատրիարքութենէն ստացուած հրաւէրին, արգիլուեցաւ մեկնիլ Վրաստան եւ մասնակցիլ արարողութեան, քանի որ քննիչը մերժեց պաշտպաններու միջնորդութիւնն ու Վեհափառ Հայրապետի՝ հանրապետութիւնը լքելու արգելքը չվերացուց։

Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարքի յուղարկաւորութան արարողութեան Հայաստանէն մասնակցած է նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։