Թեհրան պիտի ականապատէ Պարսից ծոցի բոլոր ծովային ուղիները երկրի ափամերձ հատուածի կամ կղզիներու վրայ յարձակման պարագային: Այս մասին յայտարարած է Իրանի Պաշտպանութեան խորհուրդը։
«Յիշեցնենք, որ հակառակորդի կողմէ Իրանի ափերու կամ կղզիներու վրայ յարձակելու որեւէ փորձի պարագային Պարսից ծոցի բոլոր ծովային ուղիները, ինչպէս նաեւ ափամերձ գօտին պիտի ականապատուին»,- ըսուած է Պաշտպանութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Հորմուզի նեղուցով անցումը հնարաւոր է միայն Իրանի նկատմամբ ոչ թշնամաբար տրամադրուած երկիրներու համար՝ Թեհրանի հետ այդ հարցի համաձայնեցման պարագային:
Յիշեցնենք, որ շաբաթ ուշ երեկոյեան Թրամփ նախազգուշացուցած էր, որ Միացեալ Նահանգները հարուածներ պիտի հասցնէ Իրանի ելեկտրակայաններուն, եթէ Թեհրանը 48 ժամուան ընթացքին ամբողջութեամբ չվերաբանայ Հորմուզի նեղուցը։