Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ կայացած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու եւ ՄԽ համանախագահներու հանդիպումը:
Աւելի վաղ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան իր ֆէյսպուքեան էջին յայտնած էր հանդիպման մեկնարկի մասին:
«Վիեննայում մեկնարկեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանին եւ Էլմար Մամետեարովի, ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահների հանդիպումը՝ վաղը կայանալիք գագաթնաժողովին ընդառաջ»,-գրած էր խօսնակը:
Յիշեցնենք, որ 29 մարտին նախատեսուած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ: