image
Հրատապ լուրեր:

Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան Քեսապ Այցելեց

Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան Քեսապ Այցելեց

Վերապատուելի  Յարութիւն Ճորճ  Սէլիմեան ԱՄՆ կատարած ճամբորդութենէն ետք ժամանած է Քեսապ, 18 փետրուարին, եւ այցելած է տեղւոյն Հայ Աւետարանչական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին: Այցելութեան միջոցին, Վերապատուելին  հանդիպում ունեցած է եկեղեցւոյ  յանձնաժողովին հետ, հետեւելու համար եկեղեցւոյ վերանորոգման գործին եւ տեղեկացուելու՝  ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի մասին: Վերապատուելի Սէլիմեան մանաւանդ ընդգծած է համայնքի անհրաժեշտ կարիքներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: