Վերապատուելի Յարութիւն Ճորճ Սէլիմեան ԱՄՆ կատարած ճամբորդութենէն ետք ժամանած է Քեսապ, 18 փետրուարին, եւ այցելած է տեղւոյն Հայ Աւետարանչական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին: Այցելութեան միջոցին, Վերապատուելին հանդիպում ունեցած է եկեղեցւոյ յանձնաժողովին հետ, հետեւելու համար եկեղեցւոյ վերանորոգման գործին եւ տեղեկացուելու՝ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի մասին: Վերապատուելի Սէլիմեան մանաւանդ ընդգծած է համայնքի անհրաժեշտ կարիքներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
