ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ առաջին տիկին Աննա Յակոբեան «Քորոնա» վարակէն հեռու մնալու նախազգուշական քայլով մը մեկուսացման դիմած են։
Այս մասին յայտարարած է ինքը վարչապետ Փաշինեան դիմատետրի ուղիղ եթերի մը ընթացքին։
Ան նաեւ յայտնած է, որ իրենք նպատակայարմար նկատած են այս քայլին դիմել Պրազիլիոյ նախագահ Ժաիր Պոլսոնարոյի «Քորոնա» վարակով բռնուած ըլլալու լուրերու տարածումին հետեւանքով, որովհետեւ առաջին տիկին Աննա Յակոբեանը վերջերս հանդիպած էր Պրազիլիոյ առաջին տիկինին հետ։
Վարչապետը նաեւ յայտնած է, թէ իրենք վաղը առաւօտ «Քորոնա» վարակի յատուկ քննութիւն մը պիտի անցընեն։