Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ապրիլ 10-11 աշխատանքային այց կը կատարէ Սթրասպուրկ` Եւրոպայի խորհուրդ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի մամլոյ ծառայութենէն:
ՀՀ վարչապետն ապրիլի 11-ին կը մասնակցի Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գարնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին, ուր հանդէս կու գայ ելոյթով եւ կը պատասխանէ պատգամաւորներու հարցերուն:
Հայաստանի վարչապետը հանդիպումներ կ’ունենայ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորբեորն Եակլանդի, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Լիլիան Մորի-Փասկիէի, Եւրոպայի խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճաննի Պուքիքիոյի հետ: Նիկոլ Փաշինեան եւ Թորբեորն Եակլանդը հանդէս կու գան ԶԼՄ ներկայացուցիչներուն համար յայտարարութեամբ:
ՀՀ վարչապետը, ԵԽ գլխաւոր քարտուղարը եւ ԵԽԽՎ նախագահը Եւրոպայի խորհուրդի կեդրոնակայանին` Եւրոպայի պալատին մէջ, պաշտօնապէս կը բանան «Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը:
Այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուի նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Սթրասպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: